Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Ասիրին, Իսկ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Աղբի Տագնապին Մանրամասնութիւնները

March 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Ասիրի եւ Պըրրի
Դեսպան Ասիրի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ասիրի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Պըրրի ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ազգային անհրաժեշտութիւններն ու առաջնահերթութիւնները արդէն իսկ յստակ են բոլորին, եւ անոնց շարքին է աղբի տագնապը, որուն պէտք է արագ լուծում մը գտնուի:

Ապու Ֆաուր յայտնեց նաեւ, որ այլ առումով Պըրրի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն են, որ ամէնէն արագ միջոցին պէտք է ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ:

Ան զգուշացուց, որ երկիրը վարչական, քաղաքական եւ տնտեսական առումով տագնապալի վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ նախագահական թափուր աթոռի վիճակին` վերաշխուժացնելով լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

Ան ցաւ յայտնեց աղբի տագնապին պարզած բարդ իրավիճակին համար` ընդգծելով, որ եթէ այդ տագնապը կարելի չըլլայ լուծել, ապա ոչ միայն կառավարութեան ճակատագիրը վտանգի ենթակայ է, այլ նաեւ` քաղաքացիներուն առողջութիւնը:

Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ այդ առումով հսկայական ջանքեր ի գործ կը դրուին, սակայն տակաւին կան որոշ դժուարութիւններ, որոնց շրջանցումը դժուար է:

Ան նշեց, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ աղբի տագնապը անլոյծ պահելու իրավիճակը` մաղթելով, որ չգայ այն օրը, որուն ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտարարէ, թէ կառավարութիւնը բաղկացնող եւ չբաղկացնող քաղաքական ուժերը անկարող են աղբի տագնապը լուծելու:

Նշենք, որ Մարոնի համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւս այցելեցին Պըրրիի:

 

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Հըզպալլա Կ՛իշխէ Կառավարութեան Եւ Կ՛արգիլէ Անոր Գործունէութեան Աշխուժացումը» Շեշտեց Ահմետ Ֆաթֆաթ

Յաջորդը

Ռիատ – Պէյրութ Յարաբերութիւններու Սառցահալ Կատարելու Եգիպտական Փորձեր Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Են

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.