Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՍԱՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԵՒ ՈՒՇ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

September 9, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակազմը արաբական աշխարհին մէջ պատահածէն պէտք է դաս առնէ` նշելով, որ արաբ ղեկավարները «չգիտակցեցան, որ ամբողջատիրական վարչակարգերը փոփոխութեան ենթարկուած մեր աշխարհին մէջ այլեւս տեղ չունին»:

Բացայայտելով անցեալ ամիս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցուած «վերջին առիթ» նամակին բովանդակութիւնը` Կիւլ ըսաւ, որ ինք Ասատէն պահանջած է «արիւնահեղութիւնը դադրեցնել, բանակային եւ ապահովական ուժերը քաղաքներէն հեռացնել, բոլոր քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակել, ինչպէս նաեւ ազատ, թափանցիկ, ժողովրդավարական եւ բազմակուսակցական ընտրութիւններ կատարել»` հերքելով, որ Անգարա սուրիական տագնապին մէջ «ծածուկ օրակարգեր» ունի:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ «մենք օրական Սուրիոյ մէջ 20 կամ 30 անձերու սպանութեան մասին կը լսենք, եւ ցուցարարները այս ձեւով ճնշելը այլեւս անընդունելի է»: «Կարեւոր է, որ իսկապէս սուրիացի ժողովուրդը ներկայացնող խորհրդարան մը կազմուի», ըսաւ ան` նշելով, որ Ասատի յայտարարած բարեփոխումները «սահմանափակ եւ ուշ» են:

Կիւլ շեշտեց, որ «Անգարա Դամասկոսի ներքին հարցերուն չի միջամտեր եւ բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը մնայ, իսկ սուրիացի ժողովուրդը ինքն է, որ պէտք է զինք իշխողը ընտրէ»:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ իր երկիրը Պոլսոյ եւ Անթալիոյ մէջ սուրիական ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովներ գումարելու առիթ ընծայեց, ճիշդ ինչպէս տեղի կ՛ունենայ Ամերիկայի եւ Բրիտանիոյ մէջ, «սակայն ընդդիմադիրներուն չխրատեցինք այս կամ այն բանը ընել»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ամերիկեան եւ եւրոպական կեցուածքներուն` Կիւլ յայտնեց, որ «Թուրքիա կը փորձէ դեր ստանձնել սուրիական տագնապը լուծելու, մեր շրջանին մէջ խաղաղութիւնը մեր ձեռքով ամրապնդելու եւ հարցերուն ղեկը ստանձնելու, որովհետեւ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները մեր մտածելակերպէն եւ աւանդութիւններէն հեռու են»: Ան հերքեց, որ Անգարա արաբական աշխարհի մէջ բռնատիրական վարչակարգերուն զօրավիգ կանգնելուն մէջ դեր ունեցած է: «Մենք ղեկավարներուն եւ ժողովուրդներուն հետ անկեղծութեամբ կը խօսէինք, նաեւ ինչ կը վերաբերի արդի աշխարհին մէջ պատահած փոփոխութիւններուն մասին», նկատել տուաւ Կիւլ:

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ փորթուգալեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ասատին կոչ ուղղեց` ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու: «Սուրիական կառավարութեան եւ անոր ընդդիմացողներուն միջեւ երկխօսութիւն պէտք է ըլլայ», ըսաւ ան` վստահեցնելով, որ «զինուորական ընտրանքը բացարձակապէս ոչինչ պիտի լուծէ եւ ճիշդ լուծումը պիտի չըլլայ»:

Ահմատինեժատ նշեց, որ «ազատութիւնը, արդարութիւնը եւ ուրիշներուն նկատմամբ յարգանքը բոլոր ազգերուն վերապահուած իրաւունքներ են եւ անհրաժեշտ է խնդիրները դիմակայել երկխօսութեան ճամբով»:

Ըստ «ԼեպանոնՖայլզ» կայքէջին, Արաբական լիկայէն պաշտօնատար մը եւ արաբ դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շաբաթ օր Սուրիա պիտի այցելէ, իսկ արաբ արտաքին գործոց նախարարները 13 սեպտեմբերին Գահիրէի մէջ Սուրիոյ հարցով նիստ մը պիտի գումարեն: Արաբական լիկային մէջ մնայուն պատուիրակ մը բացառած է Լիպիոյ նման լիկային Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումը` յայտնելով, որ «մինչեւ օրս ոչ ոք կը մտածէ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցնելու մասին, որովհետեւ արաբական բոլոր երկիրներն ալ Սուրիոյ մէջ կայունութեան պահպանման նախանձախնդիր են, իսկ այն, ինչ որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները իրենց վերջին նիստին ընթացքին պահանջեցին, բարեփոխումներու կշռոյթը արագացնելն ու բռնարարքները դադրեցնելն է»:

Միւս կողմէ, Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը Սուրիոյ մէջ «կայունութիւնն ու ապահովութիւնը վերականգնելու միակ ուղին է»` նշելով, որ իր երկիրը «չափազանց մտահոգութեամբ կը հետեւի (Սուրիոյ մէջ տիրող) անկայուն կացութեան»:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻ. Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.Ի ՏՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Յաջորդը

ԻՐԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ «ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.