Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻ. Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.Ի ՏՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

September 9, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսէն

Երէկ` հինգշաբթի, 8 սեպտեմբերին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելիին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 16-18 սեպտեմբերին:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատուները, հովանաւորող ընկերութիւններու պատասխանատուները, մարզական լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի ընդհանուր պատասխանատու Ժաք Սալհա խօսք առնելով նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` այս ռելին հովանաւորելուն համար: Ան գովասանքով արտայայտուեցաւ այս ռելիին մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունեցող պատասխանատուներուն, հովանաւորող ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարզական բոլոր լրագրողներուն մասին` ըսելով, որ առանց անոնց անիկա չի կրնար յաջողիլ:

Ժաք Սալհա PROFOTO

Ընդհանրապէս բոլոր խօսք առնողներն ալ դրուատեցին ռելիին յաջողութեան մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցողները անխտիր:

Ռելիին ազդանշանը պիտի տրուի ուրբաթ, 16 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիէն: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 42 ինքնաշարժներ, որոնց կարգին` վեց անգամ Միջին Արեւելքի ռելիի ախոյեան հանդիսացած քաթարցի Նասեր Աթիէ:

Նշուեցաւ, որ ինքնաշարժներու կառատունը պիտի ըլլայ Ֆուատ Շեհապ համալիրին շրջափակը: Սկիզբին նման ժամանումը եւս պիտի ըլլայ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ:

Այլ գետնի վրայ, սուրիացի վարորդ Ֆետի Համատէ յառաջիկայ երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը «Ռեճընսի Փալաս» պանդոկին մէջ (Ատմա)` խօսելու համար այս ռելիին գծով իր կատարած պատրաստութիւններուն մասին:

Նախորդը

ԺԱՆ ԹԱՊԵԹ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԻՏԱԼԻԱ

Յաջորդը

«ԱՍԱՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԵՒ ՈՒՇ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.