Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեանը Շիրակի Նոր Մարզպետին Տուած Է Առաջին Յանձնարարականը Եւ Ներկայացուցած Է Արագածոտնի Մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանը

March 5, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokyan1_030416

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան Շիրակի մարզպետարանի աշխատակազմին եւ համայնքապետերուն ներկայացուց նոր նշանակուած մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեանը: «Նոր մարզպետը այն մարդն է, որ լաւ գիտէ Շիրակի մարզն ու մարզի հոգերը: Մարզպետը աշխատակազմին ներկայացնելով աւելին ըսելու կարիք չկայ, քանի որ վերջին 15 տարիներուն ան կ՛աշխատէր մարզպետարանին մէջ: Այդ պատճառով  դժուար չէ շարունակել նախկին մարզպետին գործը», ըսաւ Լոքեան:

Ընդհանուր առմամբ, արդիւնաւէտութեան համար պէտք է շարունակականութիւն ապահովել` յառաջ տանելով նախորդին սկսած լաւ գործը, եւ ատիկա պէտք է կատարուի տարբեր ասպարէզներու մէջ: Խօսելով նախկին մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանի մասին` Լոքեան  շնորհակալութիւն յայտնեց այն մեծ աշխատանքին համար, որ կատարած է Ցոլակեան` յոյս յայտնելով, որ անոր փորձառութիւնը եւ հմտութիւնը պիտի օգտագործուի ամբողջ հանրապետութեան համար:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը փոխած է տարածքներու կառավարման ձեւը. եթէ մենք չհզօրացնենք մեր մարզերն ու համայնքները, ապա չենք կրնար խօսիլ երկրի տնտեսական զարգացման մասին: Պէտք է գործէ համաչափութեան սկզբունքը, դժուար է ժողովուրդին խնդիրները լուծել, եթէ կը զարգանայ միայն Երեւանը: Այսօր երկիրը պէտք է շարժի տարածքներու տնտեսական զարգացման ծրագիրով: Մենք պէտք է իրականացնենք յստակ ռազմավարութիւն մարզերու եւ համայնքներու  զարգացման համար», ըսած է նախարարը` վստահեցնելով, որ մարզպետի փոփոխութիւնը չի նշանակեր աշխատակազմի փոփոխութիւն:

«Մենք պէտք չէ մտածենք, որ մարզպետի փոփոխութիւնը համակարգի փոփոխութիւն կը նշանակէ: Քաղաքացիական ծառայողը պէտք է  պաշտպանուած ըլլայ: Եթէ լաւ ու գիտակ մասնագէտ էք, պէտք է մնաք ու աշխատիք, իսկ եթէ աշխատելու ունակ չէք, պէտք է հրաժարիք աշխատանքէ», նշեց Դաւիթ Լոքեան` կրկին շնորհաւորելով Սիմոնեանը, մաղթելով նախ եւ առաջ մարզին մէջ տրամադրութեան փոփոխութիւն եւ համայնքապետերու եւ մարզը ներկայացնող պատգամաւորներու հետ համերաշխ աշխատանք:

Նոր նշանակուած մարզպետը շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան համար` յոյս յայտնելով, որ խնդիրները պիտի լուծուին միացեալ աշխատանքի պարագային:

Օգտուելով առիթէն` հանդիպումի աւարտին Դաւիթ Լոքեան  համայնքներու ղեկավարները եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորները հրաւիրեց խորհրդակցութեան:

Միւս կողմէ, 4 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան Արագածոտնի մարզպետարանի աշխատակազմին ներկայացուց նոր նշանակուած մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանը: Ներկայ էին նաեւ Ազգային ժողովի  պատգամաւորներ, քաղաքային համայնքներու ղեկավարներ:

Նախարարը նշեց, որ մարզպետի նշանակումը կատարուած է երկրին մէջ ձեւաւորուած քաղաքական նոր յարաբերութիւններու լոյսին տակ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ կնքուած համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ:

Դաւիթ Լոքեան շնորհաւորեց նոր նշանակուած մարզպետը, միաժամանակ իր եւ կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին մարզպետ Սարգիս Սահակեանին:

Ողջունելով ներկաները` մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեան  շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան` վստահութեան համար: Ան վստահեցուց, որ մարզին մէջ իր աշխատանքը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան քաջածանօթ է խնդիրներուն, եւ իրեն համար տեսանելի է գործունէութեան յառաջիկայ ընթացքը:

 

 

Նախորդը

«Եթէ Հայերու Տառապանքները Հասկցող Մէկը Կայ, Ապա Ատիկա Սերպիան Է» Ըսած Է Թոմիսլաւ Նիքոլիչ

Յաջորդը

Սէյրան Օհանեան Անակնկալօրէն Զօրամաս Այցելած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.