Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որբուկը

March 4, 2016
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ
«Տղու հոգիներ»

arshak_030416Այնպէս մութ էր այն գիշերն
Որ իրարու ականջէն
Կը փըսփսային հրեշտակներն`
«Ինչպէս իջնենք երկընքէն»:

Այնպէս ցուրտ էր այն գիշերն
Որ սուր ձաղկին տակ հովուն
Կը դողային մերկ ծառերն`
Արձակելով ողբ մ՛անհուն:

Երջանիկներ, իրենց տան
Մէջ, շուրջ շողուն սեղանին,
Կաղանդին տօնն աննըման
Կը տօնէին ցնծագին:

Փողոցի մը մէջէն լայն,
Որբ տղայ մը, միս մինակ,
Ըստուերի մը պէս անձայն,
Կ՛անցնէր, խոհուն, գլխահակ:

Ծանր թախիծ մ՛իր դէմքին
վըրայ, մըռայլ, կը փըռուէր.
Գիշերն աղուոր կաղանդին
Իրեն մահուան էր գիշեր:

Վերցուց աչքերն ու տեսաւ
Տուներուն մէջ լուսավառ
Զըւարթութիւնն այն ամբաւ
Զոր կաղանդն հոն կը տեղար.

Եւ իր փոքրիկ խեղճ հոգին
Այնպէս խորունկ յուզուեցաւ
Որ` աչքն յառած երկընքին`
Լալով աղօթք մը ըրաւ:

Յանկարծ, թանձըր մութին մէջ,
Շուշանի պէս ըսպիտակ,
Բացած թեւեր լայն ու պերճ,
Երեւցաւ վեհ հըրեշտակ,

Գութն էր, պաշտպան խեղճերուն,
Զոր կասեցնել չեն կարող
Ցուրտն ու հովն ու մըթութիւն,
եւ Մահն իսկ, Մահը լափող:

«Ըսէ՛ ինձ, Ո՛վ հէք մանկիկ,
Որ դառնօրէն կ՛արտասուեն,
Ինչ կը բաղձայ քու սըրտիկ,
Ըսէ, կարող եմ տալ քեզ:

Աղուոր հագուստ կամ պատկեր,
Շաքար եւ կամ խաղալիկ,
Կ՛ուզես անուշ խորտիկներ
Կամ հիւթալից համեղ միրգ»:

– Երբ իմ մայրիկս ողջ էր դեռ,
Ըսաւ որբուկն հրեշտակին,
Զիս կը գրկէր կը պագնէր`
Գիշերն երբ գար կաղանդին:

Բարի հրեշտակ, չեմ ուզեր
Խաղալիկ կամ զգեստ մաքուր,
Չեմ ուզեր միրգ կամ պատկեր
Մօրըս համբո՛յրն ինծի տուր»:

Տրամադրեց` ԿԱՐՕ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ
[email protected]

Նախորդը

Կարապետ Գաբիկեանի «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ» Գիրքի Ռուսերէն Թարգմանութիւն

Յաջորդը

Խորքային Փաստաթուղթ ՀՀԿ-ՀՅԴ Համագործակցութեան Համաձայնագիրին Մասին

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.