Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցնցիչ Թիւեր

March 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Նեխած հոգիներու եւ բթացած ուղեղներու տէրերը, որոնք կը ղեկավարեն աշխարհը, թող իրենց գերբեռնաւորուած վիճակէն դադար առնելով` իրենց ուիսքիի, վոտքայի ու արաբական սուրճի բաժակները վայրկեան մը վար դնեն ու աչքերնին սեւեռեն այս չամբողջացած հնգամեայ տեղեկագիր-հաշուետուութեան վրայ ու շարունակեն իրենց հաճելի պահը: Կանխաւ ներողութիւն կը հայցեմ, որ իրենց ըմպելիքին մէջ լեղի կաթեցուցի:

– Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմին պատճառով երկրին տնտեսութեան վնասը կը գնահատուի 103.000.000.000 (103 միլիառ) տոլար,
– Սուրիոյ կեդրոնական պահեստի արտարժոյթի վնասը` 25.000.000.000 (25 միլիառ) տոլար,
– Քանդուած է 3.000.000 (երեք միլիոն) բնակարան,
– 224 հիւանդանոց,
– 3000 դպրոց,
– 1000 դպրոց ալ պատսպարանի վերածուած է,
– 1485 մզկիթ եւ եկեղեցի:

Մարդկային զոհերուն հաշիւը չկայ, կամ դեռ չէ հրապարակուած, թէեւ ըսողներ կան, որ թիւը 400.000-ի շուրջ է:

Եթէ այս խօսուն թիւերը կրցան բան մը շարժել անոնց մէջ, թէեւ շատ յոյս չունիմ, կը գոհանամ, որ դեռ չմեռած զգացումներ կան:

Աշխա՛րհ, մարդի՛կ, քսանմէկերորդ դարն է, գիտական, արհեստագիտական հսկայաքայլ յառաջդիմութեան դարն է. այս ի՞նչ կ՛ընէք, դէպի ու՞ր կը տանիք մարդկութիւնը:

Ինչո՞ւ կը քանդէք պատմական-հնախօսական հսկայ հարստութիւն ունեցող երկիր մը. Ինչո՞ւ կ՛աւերէք խաղաղ բնակիչներուն տուները, Աստուծոյ անունով ինչո՞ւ կ՛աւերէք Աստուծոյ տուները: Մեղք չէ՞ Սուրիոյ նման խաղաղ, բարգաւաճ, ծաղկուն երկիր մը դժոխքի վերածելը:

Ի հեճուկս հնգամեայ ահագնագոյն պատերազմին, Սուրիա տակաւին ոտքի է, ծունկի չէ եկած ու բոլոր ծախսուած միլիառներն ու աշխարհի տականքներու վոհմակներուն գեհենային յարձակումներուն ու

մարդասպանութեանց տարատեսակ եղանակներու կիրարկումէն ետք, Արեւմուտքը նոր միայն կ՛անդրադառնայ իր սխալին ու կը խոստովանի, որ Սուրիան ընկճելը անկարելի է:

Ինչպէս բոլոր պատերազմները, այս պատերազմն ալ վերջ կ՛ունենայ անպայման. «Ե՞րբ»-ը դեռ յստակ չէ, «ինչպէ՞ս»-ն ալ գուշակելի չէ, սակայն արդիւնքը արդէն յայտնի է. կարդացիք վերի թիւերը, որոնք աւելնալու թեկնածու են, այնքան ատեն որ պատերազմը չէ աւարտած. իսկ անկէ ե՞տք…

Պատերազմը աւարտելէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի. հաշուեյարդարը անխուսափելի է: Ո՞վ պիտի հատուցէ Սուրիոյ վնասները: Թերեւս քանդուածները վերակառուցուին, տնտեսութիւնը սկսի նոր ծաղկում մը ապրիլ, իսկ մարդկային կորո՞ւստը… Մեռնողներուն հաշուեկցումն ու հատուցո՞ւմը:

 

 

Նախորդը

Յաւիտենական Հայաստան. Մեծ Դէմքեր (Arménie Eternelle Grandes Figures) Հեղինակներ` Հրայր Հրաչեան Եւ Արա Գրիգորեան

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Փետրուար Դ. Առանձին Չենք…

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.