Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն. Բարեկարգչականները Ապահոված Են Թեհրանի Ընտրատարածքին Բոլոր Աթոռները

February 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Iran_022816

Մինչ Իրանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու հաշուարկը կը շարունակուի, նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ բարեկարգչականները ապահոված են խորհրդարանին մէջ Թեհրանի վերապահուած բոլոր երեսուն աթոռները:

Մասնագէտները խորհրդարանական եւ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւնները կը նկատեն Իրանի բարեկարգչական նախագահ Հասան Ռուհանիի վարած քաղաքականութեան շուրջ հանրաքուէ մը:

Ռուհանի յայտարարեց, որ ընտրութիւնները կառավարութիւնը օժտեցին յաւելեալ հաւաստիութեամբ եւ ուժով` վերջ տալով մրցակցութեան: «Կառավարութիւնը Իրանի ապագան կերտելու համար պիտի գործակցի ընտրուած ոեւէ անձի հետ», ըսաւ ան:

Նախագահ Ռուհանիի կողքին Փորձագէտներու խորհուրդի անդամ ընտրուած նախկին նախագահ Հաշիմի Ռաֆսանժանի իր կարգին յայտարարեց, որ «ոչ ոք կրնայ ժողովուրդի մեծամասնութեան կամքին դիմադրել»` աւելցնելով. «Ժողովուրդին կողմէ մերժուած իւրաքանչիւր անձ պէտք է մէկ կողմ քաշուի»:

Միւս կողմէ, Իրանի անվտանգութեան նախարար Մահմուտ Ալուի յայտնեց, որ կանխարգիլուած են ահաբեկչական երկու գործողութիւններ, որոնք ահաբեկչական երկու խմբաւորումներու կողմէ պիտի գործուէին ընտրութիւններէն առաջ:

Իրանի Խորհրդարանի Անդամ Ընտրուած Է
2
Հայ Պատգամաւոր

Կարէն Խանլարեան եւ Ժորժ Աբրահամեան
Կարէն Խանլարեան եւ Ժորժ Աբրահամեան

Իրանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող իրանահայ 4 թեկնածուներէն ընտրուած են երկուքը` Կարէն Խանլարեան եւ Ժորժ Աբրահամեան:

Այս մասին «Նիուզ»-ի թղթակիցին ըսած է ընտրուած պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանը:

«Հիւսիսային ընտրատարածքին մէջ առաջադրուած էին 6 թեկնածուներ, երեքը, սակայն, յետս կոչեցին իրենց թեկնածութիւնը: Տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, նախնական տուեալներով, ձայներու 74 առ հարիւրով ընտրուած եմ ես, մնացած 26 առ հարիւրը բաշխուած է միւս երկու թեկնածուներուն միջեւ: Հարաւային ընտրատարածքին մէջ եղած է 3 թեկնածու, երկուքը հետագային յետս կոչած են իրենց թեկնածութիւնը: Միակ թեկնածուն` Ժորժ Աբրահամեան անցած է խորհրդարան», ըսած է Կարէն Խանլարեան:

Պատգամաւորին խօսքով` հայ համայնքը աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է ընտրութիւններուն. 12 հազար ընտրող Հիւսիսային ընտրատարածքին, մօտ 2 հազար` Հարաւային շրջանին մէջ:

«Ես շատ գոհ եմ խորհրդարանական ընտրութիւններէն, արդիւնքը, իմ կարծիքովս, շատ լաւ է», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Եգիպտական Խորհրդարանին Մէջ. Կօշիկի Հարուած` Իսրայէլի Դեսպանին Հետ Հանդիպում Ունեցած Երեսփոխանին

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Թրքական Հողամասերէն Եւ Թրքական Հրետանիի Օժանդակութեամբ Յարձակում Գործեց Թել Ապիատի Դէմ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.