Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն-Պաքու Գաղտնի Բանակցութիւններ

February 27, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Azer-US_022616

«Արմէնփրես» կը նշէ, որ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները քանի մը շաբաթէ ի վեր Ուաշինկթընի մէջ կ՛ունենան գաղտնի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին կը քննարկեն երկկողմանի լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու երկու երկիրներու ցանկութիւնները:

Կողմերը կ՛ուզեն քննարկուող հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել մինչեւ ապրիլ` Նիւ Եորքի մէջ հիւլէական հարցով վեհաժողովը, որուն կը նախատեսուի, որ մասնակցի Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ըստ կայքին, ամերիկեան կողմին պատրաստած թղթածրարով Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ազատ արձակուին բոլոր քաղաքական բանտարկեալները, եւ վերականգնի Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու ազգային ժողովրդավարական հիմնարկի եւ հանրապետականներու հիմնարկի գործունէութիւնը: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներ մտադիր են հաւասար աստիճանով անվտանգութիւն ապահովել Կասպից ծովուն մէջ եւ մեծցնել Աֆղանիստան զինուորական բեռներ հասցնելու համար աջակցութիւնը: Կը քննարկուի նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերէն սահմանափակ թիւով քաղաքային անձեր տեղակայելու հարցը:

Կայքը կը գրէ, որ Ազրպէյճան իր կարգին Ուաշինկթընի առջեւ կը դնէ որոշ պայմաններ` սկսած Լեռնային Ղարաբաղի ֆինանսաւորման դադրեցումէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ որոշ հակաազրպէյճանական շրջանակներու գործունէութեան վերահսկողութեան տակ առնուիլը:

«Ազրպէյճանական կողմը տակաւին կը քննարկէ այդ առաջարկները: Սակայն քննարկման համար ժամանակը սահմանափակ է, որովհետեւ որոշումը պէտք է որդեգրուի մինչեւ Ալիեւի Նիւ Եորք այցելութիւնը», կը նշէ աղբիւրը` աւելցնելով, որ եթէ այդ ժամանակ նախագահներ Պարաք Օպամայի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ դէմ առ դէմ հանդիպում տեղի չունենայ, ատիկա կը նշանակէ, որ կողմերը համաձայնութիւն չեն գոյացուցած:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման կարելիութիւնը ներկայիս խիստ փխրուն է. ազրպէյճանական իշխանութեան օգտին Ուաշինկթընի մէջ լոպիիստական գործունէութիւն ծաւալողները եւ հակաազրպէյճանական խումբը կը գտնուին պատերազմի սեմին: Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Քոնկրեսին մէկ մասը եւ որոշ միջազգային կազմակերպութիւններ կը պաշտպանեն Պաքուի դէմ Քրիսթոֆըր Սմիթի կողմէ պատրաստուած պատժամիջոցներու նախագիծը, որուն իրականացման համար ճնշում կը գործադրուի Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսին վրայ: Սակայն Փենթակոնն ու Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութիւնը դէմ են օրինագիծին, անոնք կը ջանան տարհամոզել Քոնկրեսն ու Սպիտակ տունը:

Կայքը կը յայտնէ, որ հաւանաբար Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններէն ետք Պաքուի հետ համաձայնութիւն գոյանայ, որովհետեւ քարիւղի գիներու խիստ անկումին պատճառով ելեւմտատնտեսական պայմանները վատթարացած Ազրպէյճանի իշխանութեան համար խիստ անցանկալի է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ այդ օրինագիծի քննարկումը եւ հաւանական որդեգրումը:

 

 

Նախորդը

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. Խօսքը» Եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Իրանի Մէջ. Խորհրդարանի Եւ Փորձագէտներու Խորհուրդի Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.