Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը

February 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Green_022316

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը 25 փետրուարի նիստի իր օրակարգին մէջ ներառած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող հարցը, զոր քննարկելու համար առաջարկ ներկայացուցած էր «Միութիւն 90-Կանաչներ» խմբակցութիւնը: 25 փետրուարին, օրուան երկրորդ կիսուն, Պերլինի ժամանակացոյցով ժամը 15:45-ին, քաղաքական այդ ուժը հանդէս պիտի գայ զեկուցումով մը, որուն ներկայացման եւ քննարկման համար նախատեսուած է 45 վայրկեան:

Գերմանիոյ «Կանաչներ» կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Էօզտեմիր ըսած է, թէ այս քննարկումը չի կատարուիր պարզապէս յիշատակման համար, այլ` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը ներկայացնելու նպատակով:

«Յոյս ունիմ, որ ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը  յաջողին խորհրդարանին մէջ համաձայնիլ 100 տարի առաջ իրագործուած Ցեղասպանութեան շուրջ: Ասիկա շատ կարեւոր ազդակ մը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Պէտք է նախ շեշտել, թէ տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն էր եւ ապա հաստատել, որ Գերմանիա մեղսակից էր անոր: Նաեւ, մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ հայ-թրքական սահմանը բացուի», ըսած է ան:

«Կանաչներ» կուսակցութիւնը առաջարկած է, որ քննարկման յաջորդէ քուէարկութիւն: «Սակայն յստակ չէ, թէ իշխող ուժերը ունի՞ն այդպիսի տրամադրութիւն: Եթէ ոչ, ապա հինգշաբթի տեղի կ՛ունենայ միայն քննարկում եւ ոչ թէ քուէարկութիւն: Այդ պարագային, բանաձեւը կրկին կը ղրկուի յանձնախումբեր` քննարկման համար, ուր անիկա կրնայ 2015-ի ապրիլ 24-ին ներկայացուած բանաձեւի ճակատագիրին ենթարկուիլ, այսինքն` անտեսուիլ, քանի որ իշխող համախմբումը հետաքրքրուած չէ այդ նիւթի քննարկումով», մանրամասնած է Էօզտեմիր:

Այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է բանաձեւին վաւերացումը` Էօզտեմիր պատասխանած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պաշտօնապէս արդէն իսկ խօսած է երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, սակայն կառավարութիւնը կը փափաքի հարցը կրկին «գորգի տակ պահել»` քաղաքական շահերէ մղուած:

«Կը կարծեմ, որ այդ մէկը ընել պիտի չյաջողին: Նոյնիսկ եթէ մեր փափաքին հակառակ` ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միասնական բանաձեւ մը չըլլայ, վստահ եմ, որ զեկուցողները պիտի կիսեն «Կանաչներ» կուսակցութեան հիմնաւորումներն ու տեսակէտները», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Համաշխարհային Դրամատունը Հայաստանին Նոր Վարկ Տրամադրած Է

Յաջորդը

Արման Թաթոյեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.