Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան Բացատրած Է ՀՅԴ-ՀՀԿ Համաձայնագիրի Մանրամասնութիւնները

February 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated61

Երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան չբացառեց, որ երեկոյեան ստորագրուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ համագործակցութեան փաստաթուղթը: «Ես չեմ բացառեր, նաեւ չեմ հաստատեր», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը աւելցուց, որ փաստաթուղթին ստորագրումը շատ պիտի չուշանայ: «Համաձայնագիրը, ըստ էութեան, հիմնուած է թէ՛ մեր մօտեցումներուն, թէ՛ նաեւ հանրապետութեան նախագահի, յատկապէս` վերջին ելոյթին մէջ քննարկման արդիւնքներով բարձրաձայնուած հարցերու ընդհանրութեան վրայ, որմէ ետք  կը պաշտօնականացուին մնացած հոլովոյթները», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: Ան այլ փակագիծեր բանալ  չուզեց, յորդորեց «քիչ մըն ալ սպասել»:

Պատգամաւորը նշեց նաեւ, որ ակնյայտ է, որ համագործակցութիւնը աւելի երկարատեւ բնոյթ պէտք է կրէ, այն հարցերը, որոնք յառաջ կը մղուին, ճամբու քարտէզը` իր խորութեամբ, չեն ենթադրեր ընդամէնը մէկ տարուան գործունէութիւն: «Այս համագործակցութիւնը քաղաքական ուժերը 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ չեն կապեր, եւ կարեւոր չեն նկատեր այն` թէ  խորհրդարանի մէջ կ՛ունենա՞ն իշխանութիւն, թէ՞ ոչ, որովհետեւ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումները աւելի կարեւոր են», ըսաւ ան:

Հանրապետականն Ու Դաշնակցութիւնը
Երկարաժամկէտ Համագործակցութեան
Կը Պատրաստուին

Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը շատ մօտ են համագործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելուն: Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ըսաւ` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մէջ քննարկումները աւարտած են, հիմնական հարցերը` յստակացած, մնացած են միայն թեքնիք խնդիրները:

«Այսօր, վաղը … մի՛ աճապարէք: Կան թեքնիք խնդիրներ, որոնց շուրջ համաձայնութեան ընթացքի մէջ ենք, եւ դուք ամէն ինչի մասին տեղեակ պիտի պահուիք», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին  հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Բաղդասարեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Յարգանքի Տուրք` Արթուր Մկրտչեանի 57-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Աթլեթիզմ. Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Մասնակցի Պուլկարիոյ Ախոյեանութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.