Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Մեր Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւրն Է Եւ Պէտք Է Հաւատարիմ Մնայ Իր Կոչումին»

February 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

diarn1_021416

Իւրաքանչիւր տարուան 14 փետրուարին Հայ եկեղեցին կը նշէ Քրիստոսի Տաճար ընծայման տօնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, հանդիսապետութեամբ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու:

«Երեկոյեան» ժամերգութեան աւարտին, տաճարի ատեանին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը:

Արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատելով ներկաները յորդորեց երիտասարդ ծնողները, որ աչալուրջ ըլլան իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան եւ խստապահանջ մեր մանուկներուն ու երիտասարդ սերունդին նկատմամբ` վառ պահելու ազգային-եկեղեցական աւանդութիւնները: Վեհափառ հայրապետը խօսելով հայ ընտանիքին մասին ըսաւ. «Սրբազան կառոյց է հայ ընտանիքը իր աստուածատուր առաքելութեամբ: Ան մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է: Հայ ընտանիքը ճակատագրական դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները: Հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն»:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, շարականներու երգեցողութեամբ վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ մայրավանքի շրջափակը, եւ Ս. սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի խարոյկը` Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու ներկաները: Դպրեվանքի ուսանողները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Ապա, հաւատացեալները իբրեւ օրհնութիւն վառած մոմեր տարին իրենց տուները:

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը`
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

diarn_021416

Շաբաթ, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն` մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեան: Արարողութեան  հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը բացատրեց Տեառնընդառաջի իմաստը` անդրադառնալով Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման եւ Սիմէոն ծերունիի հետ կապուած աւետարանական դրուագին եւ ընդգծելով, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ Տեառնընդառաջի տօնը ճիշդ այս դրուագին մարմնաւորումն է: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման պատմութեան մէջ, Մարիամ Աստուածածինի օրինակին ընդմէջէն մենք կը տեսնենք տիպար հայ մօր օրինակը:

Շահէ եպս. Փանոսեան շարունակելով իր խօսքը մաղթեց, որ Տեառնընդառաջը այն առիթը ըլլայ, որուն միջոցով իւրաքանչիւր հայ ծնող իր զաւակը դէպի Աստուծոյ տաճար առաջնորդէ, մեր կեանքին մէջ այն առիթը ըլլայ, որուն միջոցով լուսաւորուի մեր կեանքը, յոյս եւ շնորհ բերէ հայ ժողովուրդի տուներուն եւ իր օրհնութիւնը առատացնէ մեր հաւաքականութեան վրայ:

Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը:

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն». 7-րդ Դասարանի Աշակերտներուն Յատուկ Հայոց Պատմութեան Մրցանքի Աւարտական Հանգրուան Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.