Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Պահանջը Եւ Այսօր Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

February 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

cabinet_meeting_021016

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն բացակայեցաւ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:

Շուրջ երեքուկէս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ Մար Մարունի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` ցաւ յայտնելով, որ այդ տօնը երկրորդ անգամ ըլլալով կը նշենք նախագահական թափուր աթոռով:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ներկայիս երկիրը զգայուն պայմաններու մէջ կը գտնուի` ընդգծելով, որ միայն կառավարութեան նիստերը բաւարար չեն, այլեւ անհրաժեշտ է գործակցիլ` բարելաւելու համար երկրին իրավիճակը:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամներն ու կեդրոններու պատասխանատուները պաշտօնեայ դարձնելու յատուկ պայմաններու ճշդումին:

«Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ մանրամասն զեկուցում ներկայացուց պետութեան ծախսերուն պատկերին մասին` շեշտելով, որ պետական պիւտճէին մէջ արձանագրուած բացը հետզհետէ կը շեշտուի», ըսաւ Ժրէյժ` ընդգծելով, որ պէտք է վաւերացնել պետական ամավարկը, խստացնել հսկողութիւնը եւ ուղղել ծախսերու հոլովոյթը:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Կառավարութիւնը 50 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը յատկացուց բանակին զինումին:

Պէտք է նշել, որ վարչապետարան հասնող գրեթէ բոլոր նախարարները, որոնց շարքին նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նիստէն առաջ հաստատեցին, որ իրենք կը մերժեն պենզինի թիթեղի սակին վրայ յաւելում պարտադրելու առաջարկը:

Այս շրջագիծին մէջ, նիստին ընթացքին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ պահանջեց պայմանագրութիւն ստորագրած ուսուցիչներուն վեց ամսուան նիւթական վարձատրութիւնը ապահովել` նկատել տալով, որ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յապաղում կ՛արձանագրէ այդ պահանջը վաւերացնելու առումով: Այս պահանջին մասին ելեւմուտքի նախարարին պատասխանը եղաւ. «Անհրաժեշտ է ուսումնասիրել այդ պարտաւորութիւնը ֆինանսաւորելու աղբիւրները»:

Ելեւմուտքի նախարարին հետ ունեցած իր բանավէճին լոյսին տակ Ապու Սաապ շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը 20 հազար ուսուցիչի իրաւունքը չվաւերացնէ, ապա ինք անոնցմէ պիտի պահանջէ կասեցնել ուսուցման իրենց աշխատանքը:

Նախորդը

Պըրրի. «Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Համաձայն Են Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Կատարելու»

Յաջորդը

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.