Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներու Գծով Խորհրդակցական Հանդիպում

January 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

syria1_012816Syria2_012816Հինգշաբթի, 28 յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ու Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները:

Վեհափառ հայրապետը նախ ջերմօրէն գնահատեց Սուրիոյ հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ մեր համայնքային կառոյցներուն` հակառակ զիրենք շրջապատող աննպաստ պայմաններուն: Արամ Ա. կաթողիկոսը նաեւ գնահատեց առաջնորդ սրբազանին ու ազգային մարմիններուն ցուցաբերած նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն օգտակար եղող շտապ մարմնի գործունէութիւնը: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած միասնակամութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ թելադրեց, որ գաղութը լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Ապա, առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով, Ազգային իշխանութեան, ժողովուրդին եւ իր անունով խոր շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ոչ միայն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ անցնող տագնապալից շրջանին, այլ նաեւ նիւթապէս օգտակար հանդիսացած` կաթողիկոսարանին մէջ հաստատած Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին ճամբով:

Ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող կարելիութիւնները` թեմական, համայնքային, տնտեսական ու քաղաքական երեսներով:

Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, թէ Սուրիոյ հայ համայնքը` իբրեւ Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մէկը, պէտք է իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերէ Սուրիոյ վերականգնումի առաջնորդող բոլոր աշխատանքներուն:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. Գէորգ Ուլաշեանի Նկարչական Ցուցահանդէսը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. ԵԽԽՎ-ն Որդեգրեց Մինսքի Խմբակի Գործելաոճը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.