Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ

January 22, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 22 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Շեպիպէի դէմ:

Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսելու եւ առաջին յաղթանակը արձանագրելու նպատակով, այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի վճռական ձեւով դաշտ ներկայանալ` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը եւ լաւապէս գործադրելով իրենց մարզիչին ցոյց տուած ցուցմունքները:

Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ «Աղբալեան» մարզահամալիր եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել ՀՄԸՄ-ը:

Ա. հանգրուանը կ՛աւարտի կիրակի, 24 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թատամոն – Ռիատի մրցումը:

Նշենք, որ աղջկանց բացման մրցումին, երէկ Շապապ Արապի 48-42 արդիւնքով յաղթեց Հուփսի` վերջինիս դաշտին վրայ կատարուած մրցումին:

Ինչ կը վերաբերի տղոց ախոյեանութեան, երէկ գիշեր աւարտեցաւ 5-րդ հանգրուանը, երբ Լուէյզի իր դաշտին վրայ 70-62 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաժեսէն:

Այսպիսով, Սաժես արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` երկու պարտութեան կողքին, մինչ Լուէյզի կրեց իր հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը:

Սաժես նշանակեց 13 թրի փոյնթ (32 փորձերէ ետք), մինչ Լուէյզի` ոչ մէկ թրի փոյնթ (15 փորձերէ ետք):

Նշենք, որ այսօր որեւէ մրցում չկայ:

Նախորդը

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Ախոյեանութիւն. Անդրէասեան Եւ Յովհաննիսեան Ապահոված Են 7-ական Կէտ

Յաջորդը

Նշմար. Դէպի Յաղթանակ, Դէպի Տիտղոս

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.