Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրիի Գնահատումով, Զօր. Աուն – Ժահժահ Համաձայնութիւնը Բաւարար Չէ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

January 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուքպել եւ Պըրրի
Մուքպել եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին կրկնեց օր մը առաջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ տեսակցութեան ընթացքին իր արտայայտած կեցուածքը:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւնը ողջունելի է, սակայն այդ համաձայնութիւնը բաւարար չէ:

Պըրրի դրուատեց Մեհրապի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը` ընդգծելով, որ քրիստոնէական եւ ազգային առումով այդ քայլը գնահատելի է:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց զինուորական նշանակումներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ զինուորական նշանակումներու թղթածրարը հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի օրերէն ի վեր պատրաստ է:

«Զինուորական նշանակումներուն թղթածրարը ոչ մէկ խոչընդոտի պիտի հանդիպի եւ անոր շուրջ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայնութիւն գոյացուցած են», ըսաւ Մուքպել:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտան, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութիւններուն հարցը սահմանադրական է` աւելցնելով, որ եթէ նիստի օրինաթիւը գոյանայ, ապա կարելի է այդ ընտրութիւնները կատարել:

Միւս կողմէ, Պըրրի նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Ժեռար Լարշէէն, որ ընդգծեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանի խաղաղութեան պահպանումին:

Լարշէ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ խորհրդարանական մակարդակի գործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Պատասխանատուներուն Հետ

Յաջորդը

Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումին Մանրամասնութիւնները Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Ներկայացնելու Նպատակով Այցելութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.