
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդէս եկած է Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու վերացման վերաբերեալ յայտարարութեամբ մը:
«Կ՛ողջունենք Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման սկիզբը, Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու վերացումը: Հայաստան շահագրգռուած է խորացնելու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը բարեկամ Իրանի հետ», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` ըսուած է արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան մէջ:


