
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ սուր շնչառական վարակներով հիւանդանոց դիմած անձերուն թիւը, 15 յունուարի տուեալներով եղած է 992, որուն 873-ը` 18-էն վար տարիքի:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ 502 հիւանդի մօտ հիւանդութիւնը եղած է թոքաբորբը: Անոնցմէ 231-ը մինչեւ 18 տարեկան են: Հիւանդանոցային բուժում կը ստանայ 121 յղի: Վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ կը բուժուին սուր շնչառական վարակներէ տառապող 98 հիւանդներ: Հակառակ վերակենդանացման բաժանմունքներու մասնագէտներուն տքնաջան պայքարին, մահացած է «Էյչ. Ուան Էն. Ուան» վարակով երկու հիւանդ, որոնք հիւանդանոց եկած էին բաւական ուշացած, շատ ծանր վիճակի մէջ: Երկուքն ալ ունէին քրոնիկ հիւանդութիւններ` շաքարախտ, սիրտ-թոքային անբաւարարութիւն:
Հայաստանի մէջ տիրող այս առողջապահական մտահոգիչ վիճակը քննարկման նիւթ հանդիսացած է նաեւ 15 յունուարին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ գումարուած կառավարութեան նիստին ընթացքին: Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան զեկուցած է, որ մարզերու բոլոր հիւանդանոցները համալրուած են անհրաժեշտ դեղերով` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ համաճարակի տարողութեամբ չէ առկայ վիճակը:
Արցախի Մէջ Շնչառական Վարակիչ Հիւանդութեամբ
82 Քաղաքացիներ Կը Բուժուին
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիւանդանոցներուն եւ բժշկական հաստատութիւններուն մէջ վերին շնչառական ուղիներու սուր վարակիչ հիւանդութեամբ բուժում կը ստանան 82 քաղաքացիներ, որոնց 38-ն` երեխաներ:


