Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը

January 15, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Կարին (Կարինի Օրիորդաց վարժարան)
Կարին (Կարինի Օրիորդաց վարժարան)

19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար: Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ ալ զրկուած էին:

Հայ կնոջ ընկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարած առաջին գրագիտուհին եղած է Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901): Ան կը շեշտէր, որ կիները այրերու հաւասար կրթութիւն պէտք է ստանան: Տիւսաբ կ’առաջարկէր, որ աղջիկներու կրթութիւնը հիմնական փոփոխութեան ենթարկուի,  եւ անոնք ստանան տղոց հաւասար ուսում, որպէսզի հետագային կարենան ազատօրէն ասպարէզի ընտրութիւն կատարել: Շնորհիւ Սրբուհի Տիւսաբի նմաններուն արծարծած յառաջադէմ գաղափարներուն, հայ աղջիկներ Պոլսոյ մէջ սկսան թաղային վարժարաններ յաճախել: Հիմնուեցան նաեւ աղջկանց վարժարաններ:

1866 թուականի դրութեամբ` Պոլսոյ մէջ գործած է 46 հայկական վարժարան (32 արական, 14 իգական)` 4700 աշակերտ, 1472 աշակերտուհիներով: 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ երկսեռ վարժարաններ հիմնադրուած են նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր գաւառներու կեդրոններուն, ապա նաեւ գիւղերուն մէջ:

Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցին 1855-ին կը հիմնադրէ երկու անջատ դպրոցներ, որոնք գործել սկսած են 1855-էն, մէկը` մանչերու, միւսը` աղջիկներու:

Գրող, հասարակական գործիչ Պերճ Պռոշեան հիմնադրեց Շուշիի (1864) եւ Երեւանի Գայանեան (1866) դպրոցները: Հայ աղջիկներու համար բացուած առաջին դպրոցներէն է Շուշիի Մարիամեան (Մարիամ Հախումեան) օրիորդաց դպրոցը, որ հիմնադրուած է 1864-ի: Շուշիի Մարիամեան դպրոցը Արցախի մէջ սկիզբը դրաւ կանանց կրթութեան:

Կարինի (Էրզրում) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ  տարածքին մէջ 1870-ին  հիմնադրուած է Հռիփսիմեան օրիորդաց դպրոցը, որ նախապէս կոչուած է Թարգմանչաց վարժարան, այնուհետեւ` Հռիփսիմեան վարժարան: Առաջին ուսումնական տարեշրջանին (1870-1871) այդ դպրոցը կը յաճախէին 291, իսկ 1882 թուականին` 400 աշակերտուհիներ: Վարժարանի ուսուցիչներէն եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրներէն  Ռոստոմը:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մալալան

Յաջորդը

«Աղջիկները Եւ Տղաքը Պէտք Է Առաջնորդուին Մալալա Եուսաֆզայի Պայքարով Եւ Յանձնառութեամբ»

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.