
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ միջազգային հանրութեան կողմէ հաւանութեան ցուցանիշով յառաջատարն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա:
Այդ մասին կը վկայեն «ՈՒԻՆ/Կալլըփ Ինթըրնեշընըլ»-ի 65 երկիրներու մէջ կատարած հարցախոյզին արդիւնքները:
Օպամայի գործունէութեան հաւանութիւն կու տան հարցախոյզին մասնակիցներուն 59 առ հարիւրը, հաւանութիւն չեն տար` 29 առ հարիւրը: Անոր կը յաջորդէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել (անոր կ՛աջակցին հարցախոյզին մասնակիցներուն 42 առ հարիւրը, չ՛աջակցիր 29 առ հարիւրը), Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը (37 առ հարիւրը կ՛աջակցի, 28 առ հարիւրը` ոչ) եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը (35 առ հարիւրը կ՛աջակցի, 29 առ հարիւրը` ոչ):
Աշխարհի մէջ առաւել մեծ հաւանութեան արժանացած քաղաքական գործիչներու ցուցակին մէջ հինգերորդ տեղը կը գրաւէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Անոր հաւանութիւն կու տան հարցախոյզին մասնակիցներուն 33 առ հարիւրը, իսկ 43 առ հարիւրը` ոչ: Ան այն ոչ մեծ թիւով քաղաքական գործիչներէն մէկն է, որուն ժողովրդականութիւնը իր երկրին մէջ աւելի բարձր է, քան աշխարհի վրայ:
Շուրջ 64 հազար մարդու հարցում ուղղած ընկերաբանները կը նշեն, որ Օպամայի նկատմամբ ցուցաբերուող հաւանութիւնը բարձր է Եւրոպայի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Հարաւային Ասիոյ երկիրներուն մէջ, իսկ Փութինինը` նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ, իսկ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ան աջակցութիւն չի վայելեր:


