Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Կաղանդի գիշերը քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ պիտի ըլլան` ապահովելու համար լիբանանեան բոլոր շրջաններուն անվտանգութիւնը:
Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, 60 գլխաւոր մայրուղիներու վրայ եւ շրջաններու մէջ ներկայութիւն պիտի ըլլան հրշէջներու, շտապ օգնութեան եւ փրկարար աշխատանքներու յատուկ խումբեր, որոնք պիտի հսկեն քաղաքացիներուն ապահովութեան, ինչպէս նաեւ ցուցմունքներ պիտի տրամադրեն` կանխարգիլելու համար Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկին պատճառելիք վտանգները:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ շտապ որեւէ պարագայի կարելի է կապուիլ հեռաձայնի 125 թիւին:


