
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Քայլ Ռէյնզ յայտնեց, որ իրանեան հրթիռ մը ինկած է Ծոցի մէջ գտնուող ամերիկեան օդանաւակիրէ մը 1300 մեթր հեռու: Ան դէպքը նկատեց «արտասովոր»` աւելցնելով, որ խնդրոյ առարկայ օդանաւակիրը իրանեան շրջանային ջուրեր մուտք չէ գործած:
«Դէպքը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ ամերիկեան «Հերի Թրումըն» օդանաւակիրը կ՛անցնէր Հորմուզի նեղուցէն եւ իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդը այդտեղ ռազմափորձեր կը կատարէր», ըսաւ Ռէյնզ:
Ան յայտնեց, որ օդանաւակիրը, որուն կ՛ընկերակցէր «Ուաշինկթընի դաշնակից երկրի մը մէկ նաւը» իր ուղղութենէն չէ շեղած եւ շարունակած է նաւարկել միջազգային ջուրերուն մէջ` աջակցելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքի զինուորական գործողութիւններուն:


