Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ս. Ծննդեան Հոգեւոր Համերգի Առիթով` «Մենք Պէտք Ունինք Մարդուժի, Ամէնուրեք Պէտք Ունինք Ուսուցիչներու Եւ Մտաւորականներու» Ընդգծեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

December 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_122815

Ամանորի տօնական օրերու ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Ծննդեան համերգ մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ` բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ դպրեվանքի տեսչութեան:

Հոգեւոր հայրերու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքին երգեցողութեամբ, որմէ ետք Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ երկու ամսուան վարժութիւններէ եւ փորձերէ ետք դպրեվանքի ուսանողներէն բաղկացած «Արմաշ» երգչախումբը ելոյթ պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան յատուկ երգերով, խմբավարութեամբ` Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Հայր սուրբը մաղթեց, որ այդ երգերը խաղաղութեան կանչ մը ըլլան եւ հասնին բոլորին սրտերուն:

Յիշեցնելով, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ չենք ծափահարեր, հայր Սուրբը ընդգծեց, թէ «ձեր ունկնդրութիւնը ինքնին ծափահարութիւն է»: Ապա «Արմաշ» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ հայերէն հոգեւոր երգերով, ինչպէս` վախճանեալ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի դաշնաւորումով` «Խորհուրդ մեծ»-ը, «Ս. Աստուած Ս. հզօր» եւ այլն: Ներկայացուեցաւ նաեւ  յատուկ այս տօնական առիթով պատրաստուած` «Մսուրին մէջ ծնած» երգը, խօսք` Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեանի, երաժշտութիւն` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի: Նմանապէս հրամցուեցան անգլերէն հոգեւոր երգեր, ինչպէս` «Սայլընթ նայթ», «Քում պայա մայ լորտ» եւ այլն:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ մեծապէս գնահատեց երգչախումբին անդամները, խմբավար հայր սուրբը եւ դաշնակահարը: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով նշեց «Շնորհալի» երգչախումբին շնորհալի խմբավար»-ը, որ վարեց նաեւ «Արմաշ» երգչախումբին այս ելոյթը: «Այս օրերուն պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն կը լսէք Ս. Ծննդեան երգեր, բայց ինչ որ կատարուեցաւ այստեղ, իբրեւ հոգեւոր երաժշտութիւն` սքանչելի էր», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` նշելով, որ երգչախումբի այս տղաքը վաղը Հալէպ պիտի մեկնին, ինչ որ դիւրին չէ այս օրերուն: «Այսօր անգամ մը եւս մեր միաբանութիւնը փաստեց, թէ բազմաշնորհ է, ունի երաժիշտներ, քարոզիչներ, խմբավարներ, բանաստեղծներ, մտաւորականներ, դասախօսներ», շարունակեց Արամ Ա. կաթողիկոս` ընդգծելով, որ մեր միաբանները մեր ժողովուրդին մէջ ներկայութիւն են իրենց ծառայութեամբ, եւ ա՛յս է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը: «Սակայն մեր սպասումն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնան մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին», շեշտեց վեհափառ հայրապետը` ընդգծելով, որ մենք մարդուժի, ուսուցիչի, մտաւորականի պակաս ունինք ամէն տեղ, մեր կարիքները բազմազան են: Ան նաեւ յիշեցուց բարերարներու աջակցութեան կարիքը: «Մեր ժողովուրդին մէջ կայ այն սխալ կարծիքը, թէ միայն աղքատ ընտանիքներու տղաքն են, որոնք դպրեվանք կու գան. սխա՛լ է այս կարծիքը, մեր ամէնէն լաւ տղաքը աղքատ ընտանիքներէ եկած են», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` նշելով, որ ինք ալ աղքատ ընտանիքէ եկած ու այսօր կաթողիկոս եղած է:

«Քրիստոնէութիւնը հայկական մշակոյթի ճամբով արտայայտուեցաւ եւ հայկական մշակոյթը քրիստոնէական հոգեւոր նկարագիր ստացաւ: Ահաւասիկ այսօր, մեր եկեղեցին, հոգեւոր երգերու ճամբով յիշեցուց, որ երբեք պէտք չէ մոռնանք Աստուծոյ հետ մեր հանդիպումը: Առանց Աստուծոյ ներկայութեան մեր կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը, իր արժէքը, իր նկարագիրը, իր գոյնը, իր նպատակը, իր ճամբան», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը` մաղթելով, որ հայ ժողովուրդին զաւակները «լեցնեն» մեր եկեղեցիները:

 

 

Նախորդը

Միջուկային Թուրքիան Եւ Տարածաշրջանը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Գաղութը Կորսնցուց Վաստակաշատ Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.