Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքները պէտք է իրենց յարաբերութիւնները ամրապնդեն, որպէսզի կարենան խաղաղութիւն բանեցնել:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ երէկ շեշտեց, որ Լիբանան կը տնքայ փտածութեան եւ քայքայումի ճնշումին ներքեւ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ յառաջիկայ ամսուան կիսուն Լիբանանէն աղբերը դուրս հանելու իմաստով ճիշդ ուղիի վրայ պիտի ըլլայ  երկիրը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան հաստատեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է պահպանել, որպէսզի լիբանանցիները երաշխաւորեն երկրին կայունութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նախատեսեց, որ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թափուր մնալու դրութիւնը ըլլայ երկարատեւ` Հըզպալլայի պարտադրած քաղաքական կեցուածքներուն պատճառով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը պիտի նուազի 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 600 լ. ոսկիով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ ցուցաբերուած վերապահութիւնը կը նշանակէ, որ անիկա կառչած կը մնայ նախագահական աթոռը թափուր պահելու ընտրանքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա մաղթեց, որ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը լաւ ձեւով ընթանայ: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարուի:

«ԱՆՊԱ ՔՈՒԷՅԹԻՅԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, ռուս դիւանագէտ մը լիբանանցի պատասխանատուներուն թելադրած է անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարել յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին: Ան ըսած է, որ հարցերը կրնան աւելի բարդանալ եւ երկրին նախագահական աթոռը կրնայ աւելի բարդ համաձայնութիւններու մաս կազմել:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Մէջ Սուրիայէն Վերադարձած Երեք Զինեալներ Սպաննուած Են

Յաջորդը

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Շարունակեցին Ահաբեկիչներու Հետապնդումը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.