Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպաններու Այցելութիւն` Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան»-ի Անունը Կրող Որբերուն Նուիրուած Թանգարան

December 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tesban_121115

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ 10 դեկտեմբերին կազմակերպուեցաւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու  այցելութիւնը Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան տարածքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմին: Ապա հիւրերուն իր  ողջոյնի խօսքը փոխանցեց դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպանը մասնաւորապէս նշեց, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մարդու իրաւունքներու օրը, իսկ նախօրէին`  9 դեկտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով միջազգային հանրութիւնը պաշտօնապէս նշեց Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի, արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը: Դեսպան Քոչարեան թուեց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնց խորհուրդով այս տարուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ` յարգանքի տուրք նահատակներու յիշատակին, երախտագիտութիւն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն եւ միջազգային կառոյցներուն, միջազգային պայքար եւ վերածնունդ: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար, շեշտեց միասնականութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը ապագային նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ:

Այնուհետեւ ներկաները շրջագայութիւն մը կատարեցին հաստատութեան տարածքին մէջ, այցելեցին թանգարան, ուր ցուցադրուած են զանազան փաստագրական նիւթեր Հայոց ցեղասպանութեան, որբանոցի հիմնադրման եւ Մարիա Ճէյքըպսընի  մարդասիրական գործունէութեան վերաբերեալ:

Պաշտօնական ճաշի ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ներկաներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնները եւ «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուց:

Ձեռնարկին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Արժանթինի, Դանիոյ, Չեխիոյ, Վատիկանի, Յունաստանի դեսպանները,  Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանի տեղակալը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, Պէյրութի դիւանագիտական անձնակազմի ղեկավարը, պապական նուիրակը, Լիբանանի արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարներու  ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Սիկրիտ Քաակ, Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը:

 

 

Նախորդը

«Նեմեսիս» Եւ Սողոմոն Թեհլիրեան

Յաջորդը

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Ծիրին Մէջ. Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի «Տաւիղ» Խումբի Ելոյթ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.