Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շփման Գիծին Մէջ Հետախուզական – Ներթափանցման Փորձ. Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է

December 5, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

zoh_120415

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ ղարաբաղեան կողմը հաղորդած է, որ երէկ լուսադէմին` ժամը շուրջ 4:30-ին, սահմանին վրայ` Թալիշի ուղղութեամբ արձանագրուած է ազրպէյճանական հետախուզական-ներթափանցման փորձ մը, որուն իբրեւ հետեւանք հայկական կողմէն զոհուած է 20-ամեայ զինուորական ծառայող Էրիկ Գրիգորեան:

Նախագահ Բակօ Սահակեան համապատասխան հրամանագիրով մը «Մարտական ծառայութեան» մետալով յետմահու պարգեւատրած է նահատակուած զինուորը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար:

Սահմանին վրայ տիրող այս լարուածութիւնը յաջորդեց 3  դեկտեմբերին Պելկրատի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու միացեալ յայտարարութեան, որուն մէջ կը հաստատուէր, որ ղարաբաղեան տագնապը զինուորական լուծում չունի: Կոչ կ՛ուղղուէր  կողմերուն` կարելի եղածին չափ արագ մեղմացնելու լարուածութիւնը` դիտել տալով, որ լուծման լաւագոյն ձեւաչափը Մինսքի խմբակն է:

Լեռնային Ղարաբաղի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան տեղի ունեցած ներթափանցման փորձը նկատած է միջնորդներուն կատարած յայտարարութեան Պաքուին արձագանգը: «ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը, կոչ ուղղած են, որ բանակցային հոլովոյթը տագնապի լուծման առնչութեամբ ընթանայ բացառապէս խաղաղ ճամբով, անթոյլատրելի նկատած են  խախտումները եւ այլն: Ասիկա Ազրպէյճանի պատասխանն է այդ յայտարարութեան», յայտնած է Բաբայեան:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը չի բացառեր, որ սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը կապ ունենայ Թուրքիոյ վարչապետին Պաքու տուած այցելութեան հետ:

Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, 3-4 դեկտեմբերի լուսցող գիշերը հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 650 կրակոց: Վիճակը համեմատաբար խաղաղ եղած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ, ուր կրակոցներուն թիւը հասած է 20-ի. այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

Քննչական կոմիտէն յայտարարած է, որ ներթափանցման փորձին առնչութեամբ յարուցուած է քրէական գործ` հակառակորդին կողմէ հայ զինուորին սպանութեան առնչութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ուորլիք. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Հաւանաբար Հանդիպին Դեկտեմբերի Վերջաւորութեան»

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան Եւ Աղուան Վարդանեան Եզրափակեցին ՀՅԴ-ի Քարոզարշաւը

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.