Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սահմանադրական Բարեփոխումները Անցնելու Պարագային Իշխանութեան Իրական Կրողը Ժողովուրդը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

November 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated33

Գործող սահմանադրութիւնը թերի է, շարք մը հարցերու լիարժէք լուծումներ չէ տուած. կարծիք յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան` սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ հանդիպելով աշտարակցիներուն հետ:

Ըստ անոր, գործող սահմանադրութիւնը կը բովանդակէ բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնք որեւէ ժամանակաշրջանի իշխանութիւն միշտ փորձած է ծառայեցնել ոչ թէ հասարակութեան, պետութեան, այլ այն խումբի շահերուն, որ իրեն բերած է իշխանութեան: Ուստի, ըստ Մինասեանի, կարեւոր է, որ մենք կարենանք այնպիսի փոփոխութիւններ կատարել, որ ի սկզբանէ մարդուն չտայ այդ կարելիութիւնը, այլ հակառակը` անոր առջեւ դնէ այնպիսի արգելքներ, որ այդ մարդուն գործողութիւնը ծառայէ հասարակութեան, ժողովուրդին:

«Այդ տեսակէտէն սահմանադրութեան հիմնական ու առաջին պաշտպանուող արժէքը պէտք է ըլլայ մարդը, քաղաքացին: Ի վերջոյ, ժողովուրդը պետութիւն կը ստեղծէ, որպէսզի անիկա կարենայ իր իւրաքանչիւր անդամի եւ ժողովուրդի շահերը ներկայացնել ու պաշտպանել, եւ եթէ պետութիւնը այդպիսի պետութիւն չէ, անիկա միշտ խնդիրներ կը ստեղծէ հասարակութեան տարբեր հատուածներուն համար: Ահա, թէ ինչու շատ կարեւոր է, որ առաջին արժէքային համակարգը ըլլայ մարդը` իր արժանապատուութեամբ, իր գոյութեան իրաւունքով, իր բնական իրաւունքներու լիարժէք իրականացման մեքանիզմներով», ըսաւ Ա. Մինասեան:

Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց սահմանադրութեան 1995-ի եւ 2005-ի փոփոխութիւններուն վրայ, ուր հռչակուած են մարդու իրաւունքները, բայց այդ իրաւունքներու  իրականացման պետական եղանակը, ըստ Մինասեանի, չկայ կամ թերի է: «Արդիւնքը` մենք ունինք քաղաքացիի աշխատանքային իրաւունքի, ընկերային, քաղաքական իրաւունքի ոտնահարումներ: Բոլորս կը դժգոհինք ընտրութիւններէն, արդար դատական համակարգի բացակայութենէն, որովհետեւ պետական այն եղանակը, որ մարդու հռչակուած իրաւունքները պէտք է կեանքի կոչէր, չկայ, թերի է: Այդ համակարգը կառուցուած է իշխանութեան մէջ գտնուող մարդու շահերու սպասարկման համար», ըսաւ ան:

1995-ի սահմանադրութեան մէջ, ըստ Մինասեանի, կը տեսնենք, որ կայ մէկ անձ` երկրին նախագահը` իբրեւ հաստատութիւն, որ բոլորին կը ղեկավարէ. ան կը կազմաւորէ եւ կը լուծարէ դատական իշխանութիւնը, գործադիր իշխանութիւնը` նոյնպէս: 2005-ի սահմանադրական փոփոխութիւններով փորձ կատարուեցաւ նուազեցնել նախագահին դերը եւ դերակատարութիւն վերապահել խորհրդարանին: «Սակայն 2008-ին, երբ ամբողջութեամբ գործողութեան մէջ մտաւ սահմանադրութիւնը` իր փոփոխութիւններով, տեսանք, որ այդ փոփոխութիւնները թերի են, եւ արդիւնքը` եթէ որեւէ քաղաքական ուժ տիրապետէ թէ՛ Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութեան, թէ՛ ինք կը  ձեւաւորէ կառավարութիւն, թէ՛ նախագահը այդ ուժի ներկայացուցիչն է, կը վերածուի գերնախագահական համակարգի: Այստեղ անձերու խնդիր չէ, որովհետեւ ով ալ ըլլայ, այդպէս պիտի ձեւաւորուի, համակարգը կը ստիպէ, որովհետեւ այսօրուան սահմանադրութեամբ ժողովուրդն ու հասարակութիւնը պէտք է ծառայեն մէկ ուժի: Ուրեմն անհրաժեշտ է կտրել այս թելը, որպէսզի ի սկզբանէ ձեւաւորուող որեւէ իշխանութիւն առաջնորդուի քաղաքացիի իրաւունքներու ապահովումին գաղափարով, ունենայ  անհրաժեշտ հակակշիռը, որպէսզի երբ իշխանութենէն հեռանալու իրավիճակ ստեղծուի, ցաւագին չընդունի ատիկա, կեանքի ու մահուան պատերազմ չմղէ», ըսաւ Մինասեան:

«ՀՅԴ-ն Չի Կրնար 2016-Ի Պիւտճէին
Համաձայն Ըլլալ»

2016 թուականի պիւտճէին վերաբերեալ ՀՅԴ խմբակցութեան տեսակէտը ներկայացուց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

Ան նշեց, որ 2016 թուականի պիւտճէի նախագիծը կ՛արտացոլէ վարուող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը:

«Այս առումով` դրական գնահատելը ոչ միայն չափազանց բարդ է, այլ նաեւ իրականութենէն զգալի շեղում է», ըսաւ պատգամաւորը:

Ան նշեց, որ տնտեսագիտական բացարձակ ճշմարտութիւն է` երկրի տնտեսական զարգացման երկարաժամկէտ հեռանկարին հիմքը երեք հիմնական գործօններն են` աշխատանք, դրամագլուխ եւ արհեստագիտութիւն: «Աշխատանքի, դրամագլուխի եւ արհեստագիտութեան առումով` Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն յաջողած ստեղծել, իրականացնել այնպիսի քաղաքականութիւն, որ աշխատանքը, որ կը բնութագրուի աշխատուժի մասնագիտացումով, աշխատանքի պայմաններու բարելաւումով, աշխատողի իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, միանալով դրամագլուխին, ներմուծելով արհեստագիտութիւն, կարելի ըլլար իսկապէս արտադրութիւն ստեղծել եւ երկիրը տանիլ դէպի զարգացում», ասաց Մինասեանը:

Ըստ պատգամաւորին, կարճաժամկէտ ընթացքին տեղի ունեցող շարք մը գործօններ չեն նպաստեր տնտեսութեան զարգացման: «Կարճաժամկէտ, իրավիճակային լուծումներ փնտռելու գործողութիւնները յանգեցուցած են երկրի տնտեսութեան գահավիժումին: Հողերու զանգուածային սեփականաշնորհումը փոշիացուց զարգացած արդիւնաբերական գիւղատնտեսութիւնը, եւ արդէն երկու տասնեակ տարիէ աւելի է, որ կարելի չէ գիւղատնտեսութեան զարգացում ապահովել: Կը տառապինք ու կը խարխափինք ընկերային  գիւղատնտեսութեան մէջ:

Մինասեանի բնորոշումով` տեսչական բարեփոխումներ իրականացնելը լաւ գաղափար է, սակայն երբ աշխատանքի տեսչութիւնը լուծարուեցաւ, տեսանելի եղաւ, որ աշխատողներու տարրական իրաւունքները կը ոտնահարուին, եւ չկայ պատշաճ վերահսկողութիւն:

«Կարեւոր է նաեւ հարկային քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը: Կարճաժամկէտ, իրավիճակային հարկային քաղաքականութիւնը շատ վնասակար է: Պիւտճէն հետեւանք է վարուող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան: Մենք դատապարտուած ենք ապրելու պարտքի բեռով, եթէ շարունակենք ապրիլ այս ձեւով: Այն գործընկերները, որոնք կ՛ըսեն` պարտք վերցնենք, նշեմ, որ ատիկա նոյնպէս արկածախնդրութիւն է: Կարելի չէ անվերջ պարտք վերցնել, պայման է եւ իրական է, որ այդ պարտքի բեռը համաչափ ձեւով բաշխուի, որ կարողութիւնը ունենանք նաեւ այդ պարտքը ետ վերադարձնել: Պէտք է ծախսերը առաւելագոյնս արդիւնաւէտ դարձնել եւ իրականացնել այնպիսի ծախսեր, որոնք մէկ միաւոր ծախսի պարագային օգուտ կը բերեն: Լուրջ խնդիր է նաեւ հաստատութենական համակարգի ձեւաւորումը: Պէտք է այնպէս ընենք, որ սփիւռքի մեր հայրենակիցները իրենց արհեստագիտութիւնը հայրենիք բերեն: Նեղ անձնական ու խմբային շահերը մէկ կողմ պէտք է դնենք», ըսաւ Մինասեան եւ աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն չի կրնար այս պիւտճէին համաձայն ըլլալ:

 

 

Նախորդը

Միասնականութիւնը, Համախոհութիւնը Եւ Բանակը` Լիբանանի Անկախութիւնը Պահպանելու Երեք Սիւները

Յաջորդը

«ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական Պատուիրակութեան Հիմնաւորումները Արդիւնք Չեն Տուած» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.