
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Համպուրկ (11-րդ) կը հիւրընկալէ Պորուսիա Տորթմունտը (2-րդ):
Տորթմունտ այժմ 5 կէտով ետ է պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխէն, որ ցարդ անպարտելի է:
Այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:


