
Սպանական «Սփորթ» պարբերաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս կրնայ բացակայիլ Պասելոնայի դէմ 21 նոյեմբերին տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի ճակատումէն` թեթեւ վնասուածք ունենալուն պատճառով:
Կը նախատեսուի, որ Նաւաս իր խմբակիցներուն հետ իր ընդհանուր փորձերուն սկսի 19 նոյեմբերին միայն:
Նաւաս, որ «Լա լիկա»-ի ծիրին մէջ Ռէալ Մատրիտի կատարած վերջին երկու մրցումներէն բացակայեցաւ, Պարսելոնայի դէմ դաշտ պիտի ներկայանայ այն ատեն միայն, երբ ոչ մէկ ցաւ զգայ:


