Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արուեստագէտը Անմահութեան Կը Հաւատայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զաւէն Խտըշեան

November 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zaven_111615

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այսօր` երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէտ Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն:

Այս առիթով Զաւէն Խտըշեանի հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին արուեստագէտը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին հրատարակութեան առիթով եւ ըսաւ, որ ալպոմին պատրաստութեան երկար աշխատանքը յաջողութեամբ աւարտելուն համար մեծապէս  երախտապարտ ու շնորհակալ է Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններէն, ինչպէս նաեւ Համազգայինէն եւ մանաւանդ Համազգայինի գրատարածի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանէն:

Ան նշեց. «Լոյս տեսաւ իմ առաջին ալպոմս, որուն մէջ ներառուած են ոչ միայն բոլոր ստեղծագործութիւններս, այլ նաեւ իմ անձնական կեանքս, որովհետեւ կը հաւատամ, որ արուեստագէտին կեանքն ու գործը իրարմէ անբաժան են եւ ամէն տեղ զիրար կ՛ամբողջացնեն:

Նման հրատարակութիւնները կարեւոր են արուեստագէտին համար, որովհետեւ արուեստագէտը անմահութեան կը հաւատայ ո՛չ թէ  ֆիզիքապէս, այլ իր ժառանգութեամբ, զոր պիտի կտակէ յաջորդող սերունդներուն»:

Զաւէն Խտըշեան արժեւորելով արուեստը ըսաւ. «Մանկութենէս սիրելով եւ յափշտակութեամբ ունկնդրած եմ դասական երաժշտութիւն.

ըստ ինծի, արուեստին հիմը երաժշտութիւնն է. ամէն արուեստի մէջ, եթէ երաժշտութեան խորհուրդը, անոր ելեւէջները չկան, անիկա կը դադրի արուեստի գործ ըլլալէ»: Անդրադառնալով արուեստագէտի դերին` Զաւէն Խտըշեան հաստատեց, որ արուեստագէտը պարտաւոր է ժողովուրդը առաջնորդել: «Ան պէտք է ժողովուրդէն առաջ երթայ: Արուեստը պէտք չէ ժողովրդական ըլլայ, այլ` պատգամող ու կառավարող», դիտել տուաւ ան:

Զաւէն Խտըշեան նշեց նաեւ, թէ ազգային կեանքին մէջ զինք ամէնէն շատ յուզած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան ներքին մղումով մը փափաքած է իր տուրքը մատուցել Եղեռնի զոհերուն` անոնց յիշատակը անթառամ պահելով: Եւ շնորհիւ տքնաջան աշխատանքին, յաջողած է վարպետութեամբ քանդակել ու կերտել Հայոց ցեղասպանութեան կոթողային յուշարձանը Պիքֆայայի մէջ:

Մարդկային կեանքի տարբեր երեւոյթներուն մասին խօսելով` վաստակաշատ արուեստագէտը ըսաւ. «Վերջին տասնամեակներուն մարդկութիւնը հետզհետէ ոտնակոխ կ՛ըլլայ բարբարոսներու վայրենիութիւններէն, եւ, բնական է, որ գալիք սերունդները ազդուին ու աւելի վայրենի դուրս գան: Կեանքին մէջ գեղեցիկին ու բարիին փնտռտուքը գրեթէ վերացած է: Մարդկութիւնը իր կոչումէն դուրս եկած է: Ես կ՛աշխատիմ հեռու մնալ պատերազմական յոռի առօրեայէն եւ երեւոյթներէն, բայց միւս կողմէ լաւատես եմ Հայաստանով:  40 երկիր այցելած եմ, բայց  Երեւանի գեղեցկութիւնը ոչ մէկ տեղ տեսած եմ. Երեւանի  ջուրը, գոյնը, արձանները իսկական հրաշալիքներ են: Մարդ պէտք է իրատես ըլլայ. այս պայմաններուն մէջ ամէնէն  գեղեցիկ ու խաղաղ վայրը աշխարհի վրայ Հայաստանն է», հաստատեց Զաւէն Խտըշեան:

Յառաջիկային ամբողջութեամբ կը հրատարակենք վաստակաշատ արուեստագէտին հետ կատարուած հարցազրոյցը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Յարձակումներէն Ետք. Բրիտանիա Կը Բարձրացնէ Ապահովական Մարմիններու Պիւտճէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.