Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Թեհրանաբնակ Հայերու Մարտահրաւէրները` 21-րդ Դարու Սկիզբը

November 17, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

P2340663-(1)Ներկայութեամբ հոյլ մը լիբանանահայ մտաւորականներու, սփիւռքի հարցերով մտահոգուող ազգայիններու, բարեկամներու, հիւրերու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մշակութային կցորդ Դաւիթ Միրզախանեանի եւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ  Թեհրանի հայոց նուիրուած շահեկան դասախօսութիւն մը:

Երկուշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցած այս դասախօսութեան բացումը կատարեց կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ համառօտակի ներկայացուց հիւր գիտնականը` մասնագիտութեամբ մարդաբան, դոկտ. Ճէյմս Պերին, Տիքին համալսարանի Քաղաքացիութեան եւ համաշխարհայնացման հիմնարկի գիտաշխատող (Մելպուռն, Աւստրալիա): Իր խօսքին մէջ դոկտ. Տագէսեան մատնանշեց, որ Թեհրանի հայօճախը մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն, եւ Միջին Արեւելքի հայերս պէտք է աւելի լաւ գիտնանք մեր անմիջական միջավայրի հայօճախներուն մասին, որպէսզի աւելի համապարփակ կողմնորոշուինք մեր առաջնահերթ եւ երկրորդական մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Դոկտ. Պերի շուրջ քառասուն վայրկեան տեւած իր դասախօսութեան մէջ նախ հակիրճ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ինք առնչուած է հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան եւ ինչպէս մանաւանդ նիւթ դարձուցած է իրանահայութիւնը, որ իր դոկտորականի թեզը եղած է 2012-ին: Ապա ան համառօտակի խօսեցաւ իրանահայութեան պատմական անցեալին, իրանահայութեան ունեցած նպաստին` հայ արուեստի գանձարանին, ընդհանուր վերաքաղ մը ըրաւ վերջին հարիւր տարիներու իրանահայ կեանքի ընթացքին, խօսեցաւ իրանահայ հին ու նոր կեդրոններուն (Թաւրիզ, Սպահան եւ Թեհրան) մասին, եւ ծանրացաւ 21-րդ դարու թեհրանահայութեան կենցաղին, եկամուտի ասպարէզներուն (մեքենաներու նորոգութիւն, երաժշտարուեստ, շարժապատկերի արուեստ, ազատ ասպարէզներ), հայկական առնչութիւններուն, հայկական հանրային վայրերուն, պետութեան հետ յարաբերութիւններուն եւ խորհրդարանին մէջ հայ ներկայացուցիչներուն, հայկական հաստատութիւններուն (եկեղեցի, կուսակցութիւն,  միութիւններ), իրանահայ բարբառներու ճակատագրին եւն:

Յառաջացած հետաքրքրութեան իբրեւ արդիւնք` դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներու շարքով մը յաւելեալ լուսաբանութիւններ ուզեցին իրանահայութեան վերաբերող զանազան հարցերու մասին:

Իր այս շահեկան դասախօսութեամբ դոկտ. Ճէյմս Պերի առիթ ստեղծեց, որ ներկաները Միջին Արեւելքի սփիւռքը դիտեն իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` համահայկական սփիւռքի եւ հայկական համապարփակ տարածքի ծիրին մէջ:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազրպէյճանն Ալ (Չ)Ընտրեց…

Յաջորդը

Նշմար. Արիւնարբու Կործանարար Բացայայտ Քաղաքականութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.