Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոսկեզօծ Գահը Արիւնաթաթախ Է

November 17, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍՏՈՒԿԵԱՆ

merkel-erdogan_111615

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել միօրեայ այցելութեամբ Պոլիս եկաւ: Ձեռքին սակարկութիւններու թղթածրար մը ունէր վարչապետը: Ծանօթ իրողութիւն է, գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ, բովանդակ Եւրոպան վերջերս մատնուած է գաղթականներու հոսքին: Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն եւ Միջին Արեւելքի դեռ բազմաթիւ երկիրներէն ճարահատ մարդիկ կուտակուած են Եւրոպայի սահմաններուն: Իրենց համար փրկութեան վերջին միջոցին հասնելու համար վատնած են այն, ինչ որ ունէին: Կեանքերնին վտանգած են մարդավաճառներու ձեռքին մէջ: Բոլոր ունեցուածքնին տուած են այդ պատեհապաշտներուն, որպէսզի խարխուլ նաւերու մէջ, եթէ չընկղմին, քաղաքակիրթ Եւրոպայի մէջ նոր կեանք մը սկսին:

Ահա այս հոսքը կասեցնելու համար է, որ Թուրքիա կու գար Գերմանիոյ վարչապետը: Կ՛ուզէր դրամով կաշառել: Երեք միլիառ եւրօ կը խոստանար` գաղթականները Թուրքիա

պահելու, անոնց դէպի իր երկիրը հոսքը կանխելու փոխարէն: Կը խոստանար Թուրքիոյ քաղաքացիներուն դէպի Եւրոպա ճամբորդութիւնը դիւրացնող միջոցներ: Կը խոստանար Թուրքիոյ` ԵՄ-ի անդամակցութիւնը դիւրացնել: Եւ ի վերջոյ ամենանողկալին,  գաղթականները Թուրքիա պահելու փոխարէն,  օրակարգէ՛ն դուրս բերել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը:

Այսպիսով, համաշխարհային հայութիւնը անգամ մը եւս ականատես կ՛ըլլար Արեւմուտքին, եւրոպական երկիրներուն խարդախութեան: Անգամ մը եւս մեր միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը եւ անոնց հետ հայ ազգի արժանապատուութիւնը կը դրուէր շահագործման կեղտոտ սեղանին վրայ:

Հայոց պատմութեան դասագիրքի հեղինակները պէտք չէ մոռնան այս ստորին հանդիպման յաջորդ օր Թուրքիոյ թերթերուն մէջ հրատարակուած լուսանկարը: Պետական մտքի յարատեւութեան ապացոյցն է, փաստն է այդ նկարը, ուր Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետը բազմած են ոսկեզօծ գահերու վրայ: Ուրախ հպարտութիւն մը կը նշմարուի իրենց դէմքերուն: Փոխադարձաբար ապահոված են կանխատեսած ակնկալութիւնները: Ուսանողը պէտք է իմանայ,  որ այդ նկարին նմանը հարիւր տարի առաջ ալ գոյութիւն ունէր: Անցեալի Համիտին կամ Թալէաթին տեղ այսօր տեսէք Էրտողանը, ինչպէս անցեալի Վիլհելմ կայսրի տեղ` վարչապետ Մերքելը:

Դար մը առաջ անոնք այսպէս կը ժպտային` հայ ժողովուրդի դիակներուն կոխած, իսկ այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներն են իրենց ոտքերուն տակ:

Երկար ու խորունկ վերլուծումները թողունք «քաղաքական վերլուծաբան»-ներուն, մենք եղելութեան գիտակցինք սուրիացի մանուկի մը ընդվզումով` «Եթէ չէք ուզեր, որ ձեր երկիրը գանք, դադրեցուցէք մեր երկրին մէջ ձեր յարուցած պատերազմը»:

Այսքան պարզ ու յստակ է ամէն ինչ: Այսօր ո՛վ ի՞նչ որ ըսէ, նշանակութիւն չունի: Ապագայ սերունդները շատ աւելի յստակ պիտի գիտակցին մերօրեայ անցուդարձերուն: Պիտի տեսնեն, թէ այսօր այդ ոսկեզօծ գահերուն բազմածներու ձեռքերը թաթխուած է ժողովուրդներու արիւնին: Բայց վստահ եղէք, որ հարիւր տարի ետք ուրիշ դերակատարներ նոր սակարկութեան սեղաններ պիտի բանան, այս նիւթերը բարձիթող ընելու համար: Եւ շատ հաւանական է, որ պիտի չվարանին նոյն ոսկեզօծ գահերուն բազմած լուսանկարուելէ:

«Ակօս»

Նախորդը

Թուրքիան Ընտրութիւններից Յետոյ. Ինքնակալութի՞ւն, Թէ՞ Ժողովրդավարութիւն

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազրպէյճանն Ալ (Չ)Ընտրեց…

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.