Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Է ՏԱՀԵՇ-ը… Ի՞նչը Պիտի Կասեցնէ Զայն

November 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

h-1_111615

Վերջին երկու տարիներուն Միջին Արեւելքի ռազմա-քաղաքական բեմի գլխաւոր դերակատարներէն դարձաւ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը կամ ՏԱՀԵՇ-ը (Իսլամական պետութիւն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ): Համաշխարհային լրատուական հաղորդումներու մէջ  ՏԱՀԵՇ-ի անունը առօրեայ դրութեամբ այնքան կը լսուի, որ ստուերի մէջ մնացին անկէ ոչ նուազ վայրագ, գաղափարակից միւս իսլամական հաւատադրժողական խմբաւորումները , ինչպիսիքն են միջազգային ահաբեկչական վաստակ ունեցող Քայիտան եւ իր սուրիական թեւը` Նուսրան, Թալիպանը եւ այլն: Կարճ ժամանակուան մէջ ՏԱՀԵՇ-ը այնքան հեղինակաւոր դարձաւ , որ իրեն հաւատարմութեան ուխտ կատարեցին հեռաւոր երկիրներէ իսլամական հաւատադրժողական ահաբեկչական խմբաւորումներ, ինչպէս` Պոքօ Հարամը Ափրիկէի մէջ , Ապու Սայեաֆը Ֆիլիփփինի մէջ, եւ Ուզպեքիստանի, Լիպիոյ, Եմէնի եւ Եգիպտոսի մէջ տեղակայուած իսլամական ծայրայեղականներ, որոնք Քայիտայէն աւելի ուժեղ հեղինակութիւն մը գտան ՏԱՀԵՇ-ին մէջ:

Մէկ օրէն միւսը լոկ տեղայնական զինեալ խմբաւորումէ մը դէպի իսլամական խալիֆայութեան ձգտող, պետութեան մը որոշ յատկանիշներ ունեցող կառոյց անցումը պատահական իրադարձութիւն մը չէ: ՏԱՀԵՇ-ի յարաճուն արշաւանքը մասնաւորապէս` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, հետեւանք է բազմաթիւ գործօններու եւ իրադարձութիւններու, որոնցմէ կ’արժէ յիշել հետեւեալները` իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի պատճառականութեան ու վերելքի գլխաւոր ազդակները:

1) ՏԱՀԵՇ-ական հոսանքը Իրաքի մէջ արմատ նետած է աւելի քան տասնամեակ մը առաջ:

2001-էն ի վեր Իրաքի մէջ, յատկապէս` Իրաքի սիւննիական հոծ շրջաններուն մէջ իսլամական ծայրայեղականներու բջիջներ կը կազմաւորուէին: Սատտամ Հիւսէյնի գահընկէցութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու իրաքեան ներխուժման հետ, թափ ստացաւ իսլամական ծայրայեղականներու զինեալ շարժումը Իրաքի մէջ: Տարբեր անուանումներով պարբերաբար երեւան եկան իսլամական մոլեռանդ խմբաւորումներ, որոնցմէ են` «Անսար իսլամ»-ը, յորդանանցի յայտնի ահաբեկիչ Զարքաուիի «Ժամաաթ թաուհիտ ուալ ժիհատ»-ը, «Իրաքի Քայիտան» եւ «Մաժլըս շուրա մուժահիտին ֆիլ Իրաք»-ը, որ համախմբումն էր սիւննի քանի մը խմբակցութիւններու: 2006 թուականին «Իրաքի իսլամական պետութիւն»- ՏԱՀԵՇ անուան տակ համախմբուեցան նշեալ իսլամական խմբակցութիւնները` Ապու Այեուպ ալ Մասրիի, Ապու Օմար Պաղտատիի առաջնորդութեամբ: Հետեւաբար Իրաքի մէջ սիւննի ծայրայեղական զինեալներու ամուր  ցանցը շատոնց արդէն կազմաւորուած էր , երբ Սուրիոյ պատերազմը վրայ հասաւ:

2) 2003-էն մինչեւ 2009 գործած ամերիկեան «Պուքքա» ճամբար-բանտին դերը` իսլամական մոլեռանդներու ընդյատակեայ ցանցի մը ձեւաւորման մէջ:

h-2_111615

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած, Թերընս ՄքՔոյի ստորագրութեամբ 4 նոյեմբեր 2014-ի յօդուածի մը,` ՏԱՀԵՇ-ը ամերիկեան այս բանտին մէջ ծաւալած է: Համաձայն յօդուածագիրին, ՏԱՀԵՇ -ի ինքնակոչ խալիֆան` Ապու Պաքր Պաղտատին եւ ութ այլ բարձրաստիճան ՏԱՀԵՇ-ի հրամանատարներ Պուքքայի արգելափակեալներ եղած են: 11 դեկտեմբեր 2014-ին «Տը Կարտեըն»-ի` Մարթին Չուլովի յօդուածին մէջ տեղ գտած ՏԱՀԵՇ-ականի մը վկայութեան համաձայն, Պուքքան բանտարկեալներուն համար ժիհատական դպրոց էր, իսկ պարագլուխի ղեկավարներուն համար` վարչագիտական դպրոց:

3) Իրաքի իշխանութիւններուն գործած լուսանցքայնացումը սիւննիներու նկատմամբ եւ ամերիկացիներու ոտնձգութիւնները Ֆալլուժայի եւ այլ սիւննի շրջաններու մէջ:

2003-ին Ամերիկայի կողմէ Իրաքի գրաւումով Իրաքի ծայրայեղական սիւննիները իրենք զիրենք երկու թշնամիներու դէմ յանդիման գտան: 2003-էն ետք, տարիներու ընթացքին, Իրաքի սիւննիները մէկ կողմէ բռնագրաւող «անհաւատ» ամերիկացիին մուրճին, միւս կողմէ` շիայամէտ իրաքեան կառավարութիւններու սալին արանքին գտան իրենք զիրենք: Ուստի անիրաւուած ու կեղեքուած ըլլալու ժողովրդային ալիքը եւ համայնքային թշնամանքը ծնունդ տուին սիւննի զինեալ հոսանքին, ուր խոյացաւ յետադիմական ծայրայեղականութիւնը: Հետագային այս տասնեակ հազարաւոր զինեալներուն միացան  Սուրիոյ իրենց մարտընկերները` միասին կազմելով գէթ քանի մը տասնեակ հազարանոց բանակ մը (գնահատումները մինչեւ 200 հազարի կը հասնին):

4) Պաաս-իսլամական «ամուսնութիւն»:

h-3_111615

Սատտամ Հիւսէինին վարչակարգէն շատեր, որոնք բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ եղած են նախքան ամերիկեան ներխուժումը, պաշտօնանկ եղան ամերիկացիներուն գալով: Ուստի անոնք հիմնաւոր դրդապատճառներ ունէին, որ ընդդիմանային Իրաքի նորակազմ վարչակարգին», որ ամերիկեան վերահսկողութիւնը կը վայելէր, եւ միաժամանակ կը թողլքուէր սիւննի համայնքը` շիի եւ քիւրտ տարրերուն հաշուոյն. նախկին պաասականները տեղ չունէին իրաքեան նոր դրուածքին մէջ: Պաասական բարձրաստիճան զինուորականներու ցանցը անհրաժեշտ փորձառութիւն եւ ենթահող ունէր, որ սիւննիական հոծ քաղաքները ի նպաստ իր քաղաքական նպատակակէտին ծառայեցնէր: Ու «ամուսնութիւն» կնքուեցաւ խումբ մը ծայրայեղ իսլամականներու եւ խումբ մը նախկին պաասականներու միջեւ, իսկ ասոր արգասիքը հանդիսացաւ ՏԱՀԵՇ-ը`օժտուած նախկին պաասականներու կազմակերպական հմտութիւններով ու Իրաքէն, Սուրիայէն, Թուրքիայէն, արաբական տարբեր երկիրներէ, Չեչենիայէն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն սիւննի հաւատադրժողականներու փաղանգներով: Փաստօրէն  ՏԱՀԵՇ -ի ղեկավարներէն Ապու Օմար Պաղտատին (որ 2010-ին ամերիկեան օդային հարուածով սպաննուեցաւ),Ապու Մուսլիմ ալ Աֆարի ալ Թուրքմանի, Ապու Ալի Անպարի, Ապու Այման Իրաքի, «Հաճի Պաքըր» (բուն անունով` Սամիր Ապտ Մուհամմատ Խլիֆաուի) եւ այլք բարձրաստիճան սպաներ էին Սատտամի բանակին մէջ:

5) Իրաքի բանակին անակնկալ նահանջը երկրին արեւմտեան շրջաններէն:

h-4_111615

Մուսուլ քաղաքի եւ անոր շրջակայքը տեղակայուած մօտ երեսուն հազար իրաքցի զինուորներու յանկարծակի, կայծակնային արագութեամբ նահանջը իրենց դիրքերէն հարցականներ կը յառաջացնէ: Ո՞ւր կորսուեցան Իրաքի արեւմուտքի բանակի սպաները` իրենց ետին ձգելով տասնեակ հազարաւոր զինուորներ, որոնցմէ շատեր «կեր» դարձան վրէժխնդիր  ծայրայեղականներուն: Ինչպէս քանի մը հարիւր (լաւագոյն գնահատումներով` քանի մը հազար) հոգինոց անկանոն զինախումբ մը կրցաւ ահ ու սարսափի մատնել ամերիկացիներէն մարզուած ու զինուած դասական բանակ մը եւ տէր դարձաւ վերջինիս արդիական զինամթերքին ու ռազմասարքերուն: Ինչեւիցէ, ՏԱՀԵՇ-ի եւ իր գաղափարակից զինախումբերուն յառաջխաղացքները, թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ, ենթադրել կու տան, որ մեղսակցութեան դէպքեր արձանագրուած են երկու երկիրներուն բանակային շարքերուն մէջ:

6) Համաշխարհային ժիհատական հոսք դէպի Սուրիա: Վերջին տարիներուն աշխարհի չորս ծագերէն ժիհատի դաշտ համարուող Սուրիա ուղղուող տասնեակ հազարաւոր իսլամականներու անցագիրները ամենայն դիւրութեամբ կնքուեցան Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու կարգախօսին տակ: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ամենայն դիւրութեամբ Սուրիա մտան առաւելաբար Թուրքիոյ սահմանէն` Ասատի վարչակարգը տապալել ջանացող վարչակարգերու դասաւորումով: Այս միջազգային ժիհատականները, որոնց մեծ մասը ՏԱՀԵՇ-ի յառաջամարտիկներն են, սովորական մարտիկներ չեն , այլ արիւնարբու ծայրայեղականներու ու փորձառու (վարձկան) կռուողներու հաւաքածոյ մըն են: Եւ առ այդ, բաւական դժուար գործ է զանոնք չէզոքացնելը` առանց Ռուսիոյ պէս պետութեան մը միջամտութեան:

h-5_111615

7) Հակաասատեան առանցքին դերակատարութիւնը: Տարանցիկ Թուրքիան գլխաւոր պետութիւնը կը հանդիսանայ Սուրիա ահաբեկիչներ անցընելու եւ զանոնք մատակարարելու: Փաստօրէն ակներեւ է եւ հմտութիւն չի պահանջեր Թուրքիոյ` Սուրիոյ պատերազմին ուղղակի` ձեռքով-ոտքով մասնակցութեան անդրադառնալը: Որքան ալ Թուրքիան եւ իր խաղընկերները յայտարարեն, թէ իրենք չափաւոր ընդդիմութեան հետ են եւ ոչ` ծայրայեղականներուն, անոնք գործնականօրէն ուղղակի թէ անուղղակի կերպով ՏԱՀԵՇ-ին եւ Նուսրային կը ծառայեն իրենց վարած քաղաքականութեամբ : Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներն անգամ `Օպամայէն սկսեալ, քանի մը ելոյթով խոստովանեցան, որ իրենց մարզած անձինք եւ իրենց տրամադրած զինամթերքը ՏԱՀԵՇ-ի եւ Նուսրայի ձեռքը անցան որոշ տեղեր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Եւ զաւեշտալի է, որ մինչեւ ռուսական օդային հարուածներու պահը, երբ Միացեալ Նահանգներ եւ իր դաշնակիցները  ստանձնած էին օդային հարուածներու առաքելութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետած շրջաններուն վրայ, ՏԱՀԵՇ-ը փոխանակ նահանջելու` նորանոր տարածքներ կը գրաւէր եւ կ՛աճէր իբրեւ կազմակերպութիւն: Տասնեակներով «Թոյոթա»-ներով եւ ամերիկեան զինատար եւ մարդատար կառքերով ՏԱՀԵՇ-ի շքերթները ինչպէ՞ս վրիպեցան ՕԹԱՆ-ի արդիական արբանեակային համակարգերէն: Ինչպէ՞ս ՏԱՀԵՇ-ը ազատօրէն եւ ծայր աստիճան արհեստավարժութեամբ վայրագ մահապատիժներ կը նկարահանէր անապատային բացօթեայ վայրերու մէջ :

8) Սուրիոյ բանակին հիւծումը

Սուրիոյ բանակը տասնեակ հազարաւոր զինեալներու դէմ մարտնչումի մէջ է ամբողջ Սուրիոյ տարածքին: Սուրիական իւրաքանչիւր նահանգի մէջ ընդդիմադիր զօրքեր գոյութիւն ունին: Սուրիոյ բանակը միայն ՏԱՀԵՇ-ին դէմ չէ, որ կռիւ կը մղէ, այլեւ` Նուսրային, Ահրար Շամին, Ժէյշ իսլամին եւ բազմաթիւ այլ խմբաւորումներու դէմ, որոնց անուանումները ինքնին գլխապտոյտ կը պատճառեն, սակայն խորքին մէջ երկու հիմնական բաղադրատարրերէ կը բաղկանան` տեղացիներէ եւ եկուորներէ: «Արաբական սուրիական բանակ»-էն հազարաւոր անջատուածներէ եւ իսլամականներէ կազմուած ընդդիմութիւնը, որ սկզբնական շրջանին «Սուրիական ազատ բանակ» անունով հանդէս կու գար, ճամբայ հարթեց մոլեռանդ իսլամականներուն արմատաւորման իրենց զինեալ ջոկատներուն մէջ: Հետագային այդ աւելի ծայրայեղականները, յանձինս` Նուսրայի, Ահրար Շամի եւ Տահըշի, իրենց նիւթական ու մարտական գերազանցութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ ընդդիմութեան պաշարներուն գերակշիռ մասը ձեռք ձգեցին եւ դժուարացուցին վարչակարգային զօրքերուն պարտականութիւնը: Ուստի, Սուրիոյ վարչակարգային զօրքերը փախուստ չունէին տարբեր ճակատներու վրայ ծանր պարտութիւններ կրելէ, ինչպէս` Իտլիպի եւ Տարաայի մէջ, նաեւ` ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ ինկող Տէր Զօրի ու Ռաքքայի մէջ :

9) Սիւննի աշիրեթները, անոնց կապերը Ծոցի պետութիւններուն հետ եւ անոնց շահակցութիւնը Իսլամական պետութեան հետ:

Արաբական աշխարհի մէջ կարգ մը մեծ աշիրեթներ, օրինակ` շամմարները, տարածուած են մէկէ աւելի երկիրներու մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով աշիրեթի մը հաւատարմութիւնը շահելով` կարելի է թափանցել որեւէ քաղաք կամ գիւղ, ուր ներկայութիւն է տուեալ աշիրեթը: Առաւել, աշիրեթներէն ոմանք Ծոցի մէջ իրենց արիւնակցական կապերուն շնորհիւ` Ծոցի պետութիւններու համար յարմար քաղաքական լծակներ են: Եւ իրապէս, աշիրեթներու գործօնը մեծ դեր խաղցաւ նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանին` ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութեան տակ իյնալուն մէջ: Փաստօրէն ՏԱՀԵՇ-ի իրաքցի ղեկավարները, զորս վերը յիշատակեցինք, կրցան օգտագործել արաբ սիւննիներու նահապետական կառուցուածքը, յատկապէս` Անպարի, Նինուէի, Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի մէջ: Արաբական այս ցեղախումբերուն եւ ենթա-ցեղախումբերուն ցեղապետները երկու ընտրանք ունէին` հաւատարմութիւն յայտնել ՏԱՀԵՇ-ին, կամ պայքարիլ անոր դէմ: Յաճախ այս ցեղախումբերը կը մասնատուին. ոմանք կողմ են ՏԱՀԵՇ-ին, ոմանք` դէմ: Անոնք, որոնք ըմբոստ դիրք բռնեցին ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ, ծանր պատժամիջոցներու ենթարկուեցան, ջարդուեցան , ինչպէս որ պատահեցաւ Պու Նըմըր ցեղախումբին հետ Անպարի մէջ, ուր հարիւրաւոր մարդիկ մահապատիժի ենթարկուեցան: Յամենայն դէպս, ցեղախումբերու գործօնը մեծ խթան մըն էր ՏԱՀԵՇ-ի նուաճումներուն: Փաստօրէն ՏԱՀԵՇ-ի շարքերը բաղկացած են մեծ մասամբ ցեղախումբերու անդամ իրաքցիներէ եւ սուրիացիներէ, ապա` օտարներէ:

10) ՏԱՀԵՇ-ի հսկայ եկամուտը:

h-6_111615

ՏԱՀԵՇ-ը կը նկատուի աշխարհի ամէնէն հարուստ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը: Ծոցի երկիրներէ, անյայտ կողմերէ նիւթական օժանդակութիւններէն անկախ` ՏԱՀԵՇ-ը քարիւղի հանքեր ձեռք ձգած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Ունի պետութիւններու նման եկամուտի աղբիւրներ, որոնցմով տասնեակ հազարաւոր ժիհատականներ կը ներգրաւէ եւ անոնց թոշակ կ՛ապահովէ, եւ որոնցմով կը գոհացնէ իր մօտ տասը միլիոն հաշուող բնակիչներուն կարիքները, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի մէջ կը գտնեն չափազանց խիստ ու անողորմ, բայց միաժամանակ ծառայութիւններ շնորհող պետութիւն: ՏԱՀԵՇ-ը եկամուտ ապահովելու համար դիմած է  մաքսանենգութիւններու, փրկագիներ գանձելու, դրամատուներու կողոպուտի եւ այլն: Այնուամենայնիւ, առանց արտաքին նիւթական օժանդակութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական գաղտագողի ծրագիրներու, դժուար թէ ՏԱՀԵՇ-ը դառնար այն, ինչ որ է այսօր :

Պաղեստինեան դատի ծնունդէն տասնամեակներ անց`անկախ պաղեստինեան պետութիւն մը չեղած` կայծակնային արագութեամբ ՏԱՀԵՇ կոչեցեալ խմբաւորում մը ի յայտ եկաւ Միջին Արեւելքի խաժամուժին մէջ` իբրեւ վայրագ, տմարդի ,յետադիմական, իսլամ ծայրայեղականներու հզօր բանակ մը: ՏԱՀԵՇ-ը, Սատտամ Հիւսէյնին նման ,տարածաշրջանին մէջ ունեցաւ մէկէ աւելի թշնամիներ (մօտաւորապէս նոյն թշնամիները) եւ արեամբ գրուած կործանարար երթ մը : Ասորական հնագիտական վայրերէն մինչեւ Փալմիր` ՏԱՀԵՇ-ը գետնին հաւասարեցուց մշակութային հարստութիւնները եւ ցեղասպանական եղանակով` ամէն տեսակ այլատարրութիւն: Իրաքի մէկ երրորդը գրաւելով` ոտնակոխեց Սայքս-Փիքոյի սահմաները եւ Եփրատով հասաւ մինչեւ Հալէպի ծայրամասերը: Այս ամբողջը` միմիայն երկու տարուան ընթացքին: Ինչպէս ամէն զօրաւոր վերելք կ՛ունենայ զօրաւոր վայրէջք, այնպէս ալ ՏԱՀԵՇ-ը վերջ ի վերջոյ կանգ առնելու է իր յարաճուն ընթացքէն: Թերեւս ռուսական թաթը կ՛ըլլայ ՏԱՀԵՇ-եան թաթառը ի սպառ կասեցնողը: Կարելի է: Արդ, հաւանական է, որ ամէնէն հարուստ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կծկուի, դիմափոխութեան ենթարկուի կամ մասնատուի մօտիկ ապագային:

27/10/2015
Երեւան

 

Նախորդը

Նոր Հրատարակութիւններ. Մայր Թերեզա` Անձնական Դիմանկար Մը

Յաջորդը

«Հայաստանը Կրնայ Տարածաշրջանին Մէջ Արեգակնային Ուժանիւթի Կեդրոն Դառնալ». Զանգու Արմենեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.