Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանի ՄԱԿ-ի 10-րդ Եւ Արաբական Լիկայի 5-րդ Օրինակներու Բացման Հանդիսութիւն` Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանին Պէյրութի Մասնաճիւղին Մէջ

November 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

laub_110715

Շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղի «Իրուըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի ՄԱԿ-ի 10-րդ օրինակի եւ Արաբական լիկայի 5-րդ օրինակի երկու ծրագիրներու բացման արարողութիւնը:

Զոյգ ծրագիրները կը նկատուին Միջին Արեւելքի կրթական եւ մշակութային ամէնէն ծաւալուն նախագիծերը, որոնք կը գործադրուին Միացեալ Նահանգներու ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ Արաբական լիկայի հետ գործակցաբար, իսկ մասնակիցները կ՛ըլլան տարբեր երկիրներէ եւ աւելի քան 170 լիբանանեան տարբեր դպրոցներէ ու Լիբանանեան- ամերիկեան համալսարան յաճախող ուսանողներէ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի քայլերգով, ապա Ալեքսանտրա Խաուաժա` իբրեւ ՄԱԿ-ի օրինակի ծրագիրի նախարար եւ Ռահմա Տալպանի` իբրեւ Արաբական Լիկայի օրինակի ծրագիրի նախարար, արտասանեցին բացման խօսքը, որուն ընդմէջէն երախտագիտութիւն յայտնեցին Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. ժոզեֆ ժապրային եւ համալսարանի դասախօսներուն, որոնք միշտ  թիկունք կանգնած են ուսանողներուն: Անոնք իրենց խօսքը փակեցին ըսելով, որ հակառակ արաբական երկիրներուն ապրած վերիվայրումներուն, անոնք միշտ ալ  հպարտ են իրենց արաբական ինքնութեամբ եւ պատկանելիութեամբ:

Յաջորդաբար ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ մանրամասնօրէն ծանօթացուց երկու ծրագիրներուն յատկանիշներն ու նպատակները: Ապա բեմ բարձրացաւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Ժապրա, որ նշեց, թէ ըստ իրեն, ուսումը խաղաղութեան միակ ճամբան է: «Ձեր ներկայութեամբ սիրտս յոյսով կը լեցուի, երբ զիս կը վստահեցնէք, որ երտասարդները ունին բարձրագոյն ուսում ստանալու եռանդը», ըսաւ ան: Դոկտ. Ժապրա զոյգ ծրագիրներուն մասնակցողները քաջալերելէ ետք, պատուիրեց, որ ծրագիրներէն օգտուած բաժիններով փորձեն  բարելաւել իրենց առօրեայ կեանքն ու ընթացքը:

Տալպանի հակիրճ կերպով ներկայացուց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որ Արաբական լիկայի խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ: Ան նախ եւ առաջ ներկայացուց Արաբական լիկային պատմութիւնը եւ անոր հանդիպած տարբեր դժուարութիւնները` յիշելով, որ Լիբանանը եղած է այն վեց հիմնադիր երկիրներէն, որոնք հիմը դրին Արաբական լիկային: Հարիրի ուրախութեամբ յայտնեց, որ Արաբական լիկային համար Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցութիւնը հպարտութիւն է:

Այնուհետեւ օրուան բանախօսը`  Անթուան Ֆրեմ, արտասանեց օրուան պատգամը: Ֆրեմ հիացումով նկարագրեց վերոյիշեալ զոյգ ծրագիրներուն հետեւող ուսանողներուն երկխօսութեան քաղաքակրթութիւնն ու իրենց կարգապահութիւնը: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ գիտութիւնը այժմէական զէնք մըն է, որուն միջոցով կրնան ստեղծել բացասական հարցեր կամ դրական արդիւնքներ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, իր կարգին փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Քաակ խօսքը ուղղեց Լիբանանի երիտասարդութեան` նշելով, որ անոնք այսօր Լիբանանի յոյսն են եւ պէտք է յարմար լուծումներ գտնեն մանաւանդ այժմու աղբերու տագնապին: Ան շեշտելէ ետք, որ զրոյցները պէտք չէ միայն մնան խօսքեր, այլ` ըլլան պտղաբեր գործեր,  շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն, որոնք հիւրընկալեցին Իրաքի, Պաղեստինի եւ այժմ Սուրիոյ  գաղթականները:

Փրոֆ. Էլի Սամիա` իբրեւ զոյգ նախագիծերուն ընդհանուր վերակացուն, վիճակագրական գիտական ներկայացումով մը անգամ մը եւս ներկայացուց ծրագիրները, ապա տեղի ունեցաւ անցեալ  տարուան մասնակիցներէն 14 փայլուն ուսանողներու պարգեւատրումը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ երդումովը 64 ուսանողներու, որոնք խոստացան հետեւիլ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի  Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան 10-րդ օրինակի եւ 5-րդ  Արաբական լիկայի օրինակի երկու ծրագիրներուն:

Նշենք, որ զոյգ ծրագիրներուն կը մասնակցին նաեւ լիբանանահայ վարժարաններէ բազմաթիւ աշակերտներ:

Նախորդը

Ողջո՛Յն Ձեզի, Սուրիահայեր, Ողջո՛յն Քեզի Հալէպահայ

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Ո՞վ Տէր Պիտի Կանգնի Թովմասեաններուն (1)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.