Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը Ազգային Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

November 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Apkarian1_102115

Թարգմանչաց տօնը Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ սկսաւ վերամուտի առաջին օրէն իսկ, երբ աշակերտները լծուեցան զանազան աշխատանքներու` ճոխացնելու համար իրենց դասարանները եւ վարժարանը հայերէն լեզուն փառաբանող խօսքերով եւ գծագրութիւններով:

Այս աշխատանքը շարունակուեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ Զ. կարգի աշակերտներուն մօտ: Փոքրիկները իրենց ներդրումը բերին դաստիարակներուն օգնելով, իսկ աւելի մեծերը` անհատական կամ խմբային աշխատանքներով: Անոնք պրպտումներ կատարեցին իրենց արդէն ծանօթ հայերէն տառերու գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մասին, նաեւ` անոր աշակերտներուն, թարգմանիչներուն, պատմիչներուն եւ ծաղկողներուն մասին:

Ե. կարգի աշակերտները մեծ պաստառի վրայ պատրաստեցին հայոց այբուբենը` ընդեղէններ օգտագործելով:

Իսկ չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին Ծաղիկ դասարանէն մինչեւ Զ. կարգի աշակերտները իրենց դաստիարակներուն եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ ուղղուեցան Անթիլիասի մայրավանք` հայերէն գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքին եւ ուշագրաւ լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ընտրեցին իրենց տարիքին եւ հետաքրքրութեան յարմարող գիրքեր` միշտ ուսուցչուհիներու ցուցմունքներուն հետեւելով:

Apkarian2_102115

Դպրոց վերադարձին պատրաստ էր սրահը Թարգմանչաց տօնը ոգեկոչելու համար: Դարձեալ աշակերտներուն վերապահուած էր յայտագիրը ճոխացնել իրենց անհատական թէ խմբական արտասանութիւններով եւ երգերով: Անոնց սրտերէն կը բխէր հայ երգը եւ անմեղ շրթներով կ՛արտասանէին Մեսրոպ Մաշտոցի անմահ տառերով գրուած մեր հայ բանաստեղծներուն գործերը` նուիրուած  հայոց լեզուին:

Դպրոցական օրուան աւարտին աշակերտները իրենց ծանր դասագիրքերուն վրայ աւելցուցին հոգին թեթեւցնող եւ հայ աշակերտին թռիչք տուող իրենց գծած հայերէն գիրքերը` վերանորոգելով ուխտը հայ մնալու եւ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու:

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հայկական Հիւանդութիւնը» Նիւթով

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.