Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՀԱԵՄ-ի Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի Գնահատանքի Երեկոյ

November 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mahaem-(2)_100815

ՄԱՀԱԵՄ-ի կրթական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, 8 հոկտեմբերին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւետարանական 5 վարժարաններէն նախորդ տարուան պետական զոյգ քննութիւններուն յաջողած 100 աշակերտներու գնահատանքի երեկոյ` ներկայութեամբ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ կրթական մշակներու:

Լիբանանի Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմեքճի կատարեց բացման խօսքը` շեշտելով նման քաջալերական ձեռնարկներու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ապա յատուկ շնորհաւորեց կրթական պատասխանատուները, տնօրէններն ու ուսուցիչները` իրենց նուիրումին եւ ծառայութեան համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի նախագահի գրասենեակին ընձեռած բոլոր միջոցներուն համար,  Հայ աւետարանական եկեղեցիի խնամակալութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք յայտագրին մաս կազմեցին:

Վեր. Հրայր Չոլագեան գոհաբանական աղօթքով փառք տուաւ Աստուծոյ այս հունձքին համար: Վերապատուելին Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեց աշակերտներուն` ապագային իրենց առնելիք քայլերուն համար:

Օրուան խօսքը արտասանեց  Հայ աւետարանական քոլեճի նորանշանակ փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ըսաւ, թէ այս յաջողութիւնները կեանքով կ՛արժեւորուին, իսկ աշակերտները կոչուած են այդ վկայութիւններուն յաւելեալ արժէք` տալու: «Որոշ ձեռքբերումի համար ստացանք գնահատանք: Ձեր պարտքն է անոր վրայ աւելցնել յաւելեալ արժէք. ձեր կեանքի բոլո՛ր հանգրուաններուն ձեր արձանագրած յաջողութիւնները, իրագործումները յաւելեալ արժէք պիտի տան, պէ՛տք է տան այդ վկայականներուն, այլապէս օր մը անոնք պիտի դառնան ոչ պիտանի: «Իբրեւ հարիւրամեակի հայ սերունդ` դուք պիտի շարունակէ՛ք հպարտութեամբ կրել այդ կոչումը: Դո՛ւք` ծոռները այն մամիկներուն եւ պապիկներուն, որոնք օր մը հրաշքով փրկուեցան Եղեռնէն եւ ողջ դուրս ելան Տէր Զօրէն, դո՛ւք` անոնց հպարտ ժառանգները` ձեր կեանքով փաստը պիտի ըլլաք Ցեղասպանութեան ձախողումին, ձեր նուաճումներով ապտակը պիտի ըլլաք թուրքին լպրիշ դէմքին, ձեր պայծառ ապագայով կենդանի կոթողը պիտի ըլլաք հայուն վերածնունդին: Եւ այդ ժամանակ մարդիկ պիտի նային ձեզի, ձեր գործերուն եւ պիտի ըսեն, որ այս երիտասարդը վկայութիւնն է հայուն ուժին, մարմնաւորումն է հայուն կամքին, հայելին` հայուն ջանքին եւ գրաւականը` հայուն անմահութեան: Այդ ատեն հալա՛լ ըլլայ քեզի հարիւրամեակի սերունդի կոչումը», ըսաւ ան:

Խօսքի աւարտին Արմէն Իւրնէշլեան հաստատեց, որ մարդ իր դրական ու ժխտական կողմերուն գիտակցելով եւ ըստ այնմ գործելով` կրնայ կերտել փայլուն ապագայ:

Լիբանանի կրթական խորհուրդի գործավար Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան շնորհաւորեց յաջողած աշակերտները եւ կարդաց բոլորին անունները: Իւրաքանչիւրը ստացաւ Հայկազեան համալսարանի կողմէ տրամադրուած յատուկ պայուսակներ: Ապա բեմ հրաւիրեց ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը, դոկտ. Արտա Էքմեքճին եւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը, որոնք յիշատակութեան արժանացած 17 աշակերտներուն յանձնեցին 100-ի խորհրդանիշ անմոռուկով պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ: Յուշանուէրի արժանացան պըրըվէի յաջողածներ` Աթուի Ռըտա (լաւ), Արթին Արփի (լաւ), Թերզեան Սերժ (լաւ), Հերկելեան Լորա (շատ լաւ), Մելիքեան Ռիթա (շատ լաւ), Մկրտիչեան Վարդ-Վարս (լաւ), Պաղտասարեան Թալին (լաւ), Պասեթ Փերլա (շատ լաւ), Պաքքալեան Ռիթա (լաւ), Տեկիրմենճեան Մելքոն (լաւ):

Պաքալորայի յաջողածներ` Արթինեան Յովիկ (լաւ), Հաճեքեան Կասիա (լաւ), Մսըրլեան Նայիրի (լաւ), Չիլինկիրեան Յարութ (լաւ), Չիլինկիրեան Սառա (լաւ), Պարտագճեան Արազ (լաւ), Քէշիշեան Շուշան (շատ լաւ):

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Կասիա Հաճեքեան, Նարօ Ադամեան, Սարգիս Սարգիսեան, Մինաս Ադամեան, կիթառի ընկերակցութեամբ Արի Վարդանեանի: Յայտագրի պաշտօնական բաժնի աւարտին, ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան առաքելական օրհնութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կարելի ըրած էր մեր վարժարաններուն կրթական այս յաջողութիւնը արտօնագրել: Ան յատկապէս շնորհաւորեց աշակերտները, ծնողները, ուսուցիչները  եւ տնօրէնները:

Նախորդը

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.