Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

November 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_9600

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ հանդիսութիւններով եւ դասարանային զանազան աշխատանքներով, որոնք ընդգրկեցին ամբողջ աշակերտութիւնը` մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարաններ:

Մանկապարտէզին մէջ աշակերտները կատարեցին ձեռային աշխատանքներ, գլխաւորաբար` այբուբենի թեմաներով, Թարգմանչաց տօնը եզրափակելով Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձան այցելութեամբ:

21 հոկտեմբերին «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ կայացած նախակրթարանի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը  յատկանշուեցաւ աշակերտական ամենալայն մասնակցութեամբ: Շուրջ 100 աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ աղօթքի, ասմունքի, երգի ու բեմական ներկայացումներու բծախնդրօրէն մշակուած շարքով մը մեծարեցին Ոսկեդարու թարգմանիչները: Հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քեշիշեանի:

Միջնակարգի ու երկրորդականի բաժիններուն մէջ հանդիսութիւններու կազմակերպման համար շեշտը դրուած էր աշակերտներու անհատական եւ խմբային ինքնուրոյն աշխատանքին վրայ: Այդ առումով, Թարգմանչաց տօնը առիթ ծառայեց, որ աշակերտներ կատարեն պրպտումներ` տարբեր թեմաներով եւ անոնց արդիւնքները ներկայացնեն իրենց հասակակիցներուն եւ ուսուցիչներուն` առանձնաբար տեղի ունեցած երկու հանդիպումներու ընթացքին, 22 հոկտեմբերին: Աշակերտներ օգտագործեցին արհեստագիտական տարբեր միջոցներ` ներկայացնելու համար լսատեսողական նիւթեր` գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ թարգմանիչներու վաստակին մասին:

Բոլոր ձեռնարկներուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Տնօրէնը աշակերտները հրաւիրեց անդրադառնալու հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան եւ շեշտեց աշակերտներու` այդ հարստութեան արժանի ժառանգորդները ըլլալու պարտականութիւնը: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան` դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուին բոլորին կեանքին մէջ առօրեայ դրութեամբ եւ ոչ միայն առիթէ առիթ:

Նախորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Բեղուն… Սակայն Ապարդիւն Գործունէութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Թեմի Եկեղեցիներու Տիկնանց Միութեանց Միացեալ Ձեռնարկ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.