Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ ինք մանրամասնօրէն տեղեկացած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի մշակած` ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մասին, որ լիբանանցիներուն պիտի շնորհէ ելեկտրականութեան տարրական իրաւունքը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիա կայունութեան ուղիին վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ երկիրը պէտք է հպարտանայ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան հիմնական տարազով:
Այս ծիրին մէջ Մըրատ խստիւ քննադատեց լիբանանեան բանակին հասցէին դատապարտումներ եւ ցեխարձակումներ կատարող կողմերը:
Մըրատ նշեց, որ հակառակ այն իրականութեան, որ ինք դիտողութիւններ ունի կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ, բայց եւ այնպէս ինք կը մաղթէ, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքներուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրէ:


