Վրացական «Կրուզիա օնլայն» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի քարիւղի մթերքներու բաշխման ազգային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճալիլ Սալարի յայտնած է, որ Իրան Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ` այդ երկիրներու հիւլէական հնոցներուն համար վառելանիւթ արտածելու համար:
Սալարի իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ քարիւղի վերամշակման ուղղութեամբ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու շնորհիւ քարիւղի մթերքներու արտածման ծաւալները պիտի մեծնան:


