Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրկէ՞ Ստացան Իրենց Ուժը

November 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Պարզ, համեստ, բայց եւ խօսուն յայտարարութիւն մը. «2015 թուականի մայիս 6-ին մեր սկսած պայքարը, դիմադրութեան 175-րդ օրը` 2015-ի հոկտեմբեր 27-ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Ճամբարը վերադարձուեցաւ Կետիկփաշայի հայկական հիմնադրամին: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք պայքարի բոլոր աջակիցներուն, ինչպէս նաեւ` «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան»:

Անարդարութիւն մը սրբագրելու համար 175 օր պայքարելու, չյուսահատելու, չվհատելու, չվախնալու ոդիսականին յաջող աւարտի աւետիսն էր, որ կը տրուէր:

Չէ՞ որ ատելութեան թիրախ ըլլալու սպառնալիքին տակ էին այդ 175-օրեայ պայքարի իւրաքանչիւր վայրկեան:

Այս երիտասարդները արդեօք գիտէի՞ն, թէ իրենց վրայ կեդրոնացած էր հազարաւոր սրտակիցներու հայեացքները, որ` իրենց խիզախութեան վրայ հիացած հազարաւորներ կը հետեւէին իրենց դժուարին, սակայն իմաստալից առօրեային, եւ որ իրենց քաջութենէն կը ներշնչուէին բազմաթիւ երիտասարդներ®

Հաւանաբար գիտէին, կամ կը զգային: Յամենայն դէպս, անոնք կարիք իսկ չունէին որեւէ հրապարակային զօրակցական արտայայտութեան: Անոնք իրենց գործը ըրին հաւատքով, արդարութեան եւ իրաւունքի տիրանալու իւրօրինակ համոզումով: Իրենց գործը ըրին` յանուն իրաւազրկուած համայնքին, որ վստահաբար երախտագիտութեամբ պիտի գնահատէ իրենց յանդգնութիւնը:

Երկրի մը մէջ, ուր ամէնէն դաժան հաշուեյարդարի յիշողութիւնները ամէն օր թարմանալու, նորովի դրսեւորուելու օրինական ու անօրինական ճանապարհներ կը գտնէին, կարելի չէր պատկերացնել, որ ծնունդ պիտի առնէին նման «խենթեր», որոնք նոր զարթօնքի մը ռահվիրաները պիտի ըլլային ոչ միայն իրենց բնակավայրին մէջ, այլեւ` ամբողջ հայաշխարհի տարածքին:

Ուրկէ՞ կու գայ իրենց այս ուժը, այս խիզախութիւնը, այս քաջութիւնը: Հաւանաբար առհաւական ակունքներէ կը սնանին անոնք:

 

 

Նախորդը

Հասթըրթ Պիտի Ընդունի Իր Մեղքը Սեռական Բռնութեան Համար, Սակայն Միացեալ Նահանգներ Դեռ Կը Քողարկեն Անոր Դէմ Թրքական Շանթաժը

Յաջորդը

Հարիւր Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.