
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ Ապրուցցօ նահանգի նահանգային խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւին մէջ զօրակցութիւն կը յայտնուի հայ ժողովուրդին եւ պատմական ճշմարտութեան ճանաչման ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար անոր պայքարին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
Փաստաթուղթի նախագիծը ներկայացուցած նահանգային խորհուրդի անդամ, իշխող Ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լուչիանօ Մոնթիչելլի բանաձեւի որդեգրումէն ետք յայտարարած է. «Այսօր մենք գեղեցիկ էջ մը գրեցինք մեր նահանգի քաղաքական պատմութեան մէջ: Այսպիսի կարեւոր հարցի վերաբերեալ բանաձեւի միաձայն որդեգրումը նահանգային խորհուրդի հասունութեան մեծ վկայութիւնն է: Յոյսով եմ, որ մեր ամէնօրեայ հոգերէն այդքան հեռու անցեալին մէջ տեղի ունեցած անարդարութիւններու մասին յիշողութիւնը մեզ առաջնորդէ դատապարտելու նաեւ մեր օրերուն տեղի ունեցող հետապնդումներն ու բռնութիւնները եւ գործնական օգնութիւն ցուցաբերելու անոնց զոհերուն»:
Ապրուցցոյի նահանգային խորհուրդը Իտալիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 99-րդ խորհուրդն է:


