Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Դարձեալ Կողմերը Նոյն Նժարին Վրայ Դնող Յայտարարութիւն Հրապարակած Են

October 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Minsk-Group_102915

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են` անդրադառնալով 26-28 հոկտեմբերին ղարաբաղեան տագնապի շրջան կատարած իրենց վերջին այցելութեան արդիւնքներուն:

Յայտարարութեան մէջ համանախագահները կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ վեհաժողով կատարելու առնչութեամբ` քննարկելու համար տագնապին լուծման առանցքային տարրերն ու այլ հարցեր:

«Մենք նախագահներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին խօսած ենք շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ բռնութեան վտանգներուն մասին: Ծանր զէնքերու` ականանետերու եւ հրթիռահրետանային զէնքերու օգտագործումը անընդունելի է եւ մեծ վտանգ կը ներկայացնէ քաղաքային բնակչութեան համար: Մենք խորապէս կը ցաւինք անմեղ քաղաքացիներու շարքերուն մէջ արձանագրուած դէպքերուն ու մարդկային կորուստներուն առնչութեամբ եւ կ՛ակնկալենք, որ կողմերը բոլոր քայլերը ձեռնարկեն բռնութենէն խուսափելու համար: Մենք ներկայացուցած ենք առաջարկներ` ուղղուած անվտանգութեան կայունութեան ապահովման եւ բանակցութիւններու համար աւելի կառուցողական մթնոլորտի ստեղծման», կը նշուի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ:

Անոնք յայտնած են, որ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ եւ աւելցուցած, որ կ՛աջակցին բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք նպատակ ունին միաւորել հայերն ու ազրպէյճանցիները: Համանախագահները յայտնած են նաեւ, որ Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու համար անյայտ կորսուած անձերու մասին տուեալներու փոխանակման հարցը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ շփման գիծը կտրելու ընթացքին «համանախագահներուն ուղղութեամբ անորոշ կողմէ կրակոցներ արձակուած են` անոնց ստիպելով պաշտպանական միջոցներու դիմել»: «Այս միջադէպը տագնապին լուծման հարցին մէջ յառաջընթացը կանխարգիլելու փորձ է: Ասիկա կ՛ընդգծէ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը ԵԱՀԿ-ի կողմէ ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի յայտարարութեան եզրափակիչ հատուածին մէջ:

Նախորդը

Աղբի Տագնապին Լուծման «Վերջին Ճիգեր»

Յաջորդը

«Արմէն» Ճամբարը Վերադարձուած Է Պայմաններով

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.