Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Աղբի Տագնապին Լուծումը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է»

October 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_ain_tine_102815

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, ընթացքին որուն ընթացքին յայտնեց, թէ խորհրդարանի դիւանի նիստը դրական էր` նշելով, որ դիւանը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ երեքշաբթի օր, պատրաստելու համար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ երկխօսութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ Ամալ շարժումի մասնակցութեամբ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ հոսանք երկխօսութիւնը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:

Անդրադառնալով երկրին դիմագրաւած աղբի տագնապին` Պըրրի ընդգծեց այդ թղթածրարին անյապաղ լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ այդ հարցին լուծումը ազգային անհրաժեշտութիւն է:

Արտաքին առումով Պըրրի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ Վիեննայի խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութիւնը կարեւոր ազդակ է:

Շեհայէպ Եւ Ապու Ֆաուր Պըրրիի Մօտ

berri_shehayeb_wael_102815

Պըրրի երէկ յետմիջօրէին ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Քննարկուեցան աղբի տագնապին լուծման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ ինք եւ Ապու Ֆաուր նախաձեռնած են վերջին ջանքի մը, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցած են Պըրրիի հետ:

Ան աւելցուց, որ կան շարք մը խորհրդակցութիւններ, որոնք պիտի կատարուին այսօր, որպէսզի կարելի ըլլայ վաղն իսկ (այսօր) լուծել աղբի տագնապը:

Իր կարգին, Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը ներկայացուցած է կարգ մը առաջարկներ, որոնց լոյսին տակ կառավարութիւնը յաջորդ 24 ժամուան ընթացքին պէտք է նիստ մը գումարէ:

ՆՇԵՆՔ, որ երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Շեհայէպը եւ Ապու Ֆաուրը` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի:

Նախորդը

Պասիլ Լիբանանը Պիտի Ներկայացնէ Վիեննայի Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Գերմանացի Երեսփոխան Մը Գերմանիոյ Իշխանութիւնները Յորդորած Է Որդեգրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.