Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Աշխուժ Քարոզչութիւն Պիտի Տանի»

October 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan_102615

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 26 հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւին: Ան նախ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը վաղուց սկսած է քարոզարշաւի, մինչեւ իսկ` Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու քննարկման: ՀՅԴ-ն հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կուսակցական կոմիտէութիւններուն կեդրոններուն մէջ հաւաքներ կազմակերպած է`  քննարկելով կոմիտէութիւններուն արծարծած հարցերը:

«Հիմա արդէն պիտի ստեղծուի ղեկավարման մարմին. Գերագոյն մարմինն է, որ ես պիտի համակարգեմ: Նաեւ մարզերուն մէջ պիտի ունենանք մեր մարմինները, ըստ նպատակայարմարութեան` պիտի ունենանք ղեկավարման մարմիններ կարգ մը շրջաններու մէջ: Քարոզարշաւը ընթացքի մէջ է մամուլով եւ պատկերասփիւռի կայանով: Կազմած ենք աշխատանքի պատկերացում` մարզեր այցելութիւններու համար, ատիկա պիտի քննարկենք մեր մարզային կոմիտէներու  պատասխանատուներուն հետ` 1 նոյեմբերին: Մենք ծրագրած ենք իւրաքանչիւր մարզի մէջ ունենալ երեք-չորս հանդիպում, անոնք պիտի ըլլան ժողովուրդին հետ սրահներու մէջ կայացած հանդիպումներ: Նաեւ պէտք է քննարկում կատարենք մեր գործընկերներուն հետ, թերեւս անոնք պիտի ուզեն  աւելցնել այդ հանդիպումներուն թիւը», յայտնեց Աղուան Վարդանեան:

Ան նշեց, որ ղեկավարման մարմինին մէջ կատարուած է աշխատանքի բաժանում. խումբ մը պիտի զբաղի քարոզչական նիւթերու պատրաստութեամբ, զանոնք տարածելով, այլ խումբ մը պիտի զբաղի նախընտրական հիմնադրամի աշխատանքներով, միւսը` հանդիպումներու կազմակերպման աշխատանքներով:

Երեւանի մէջ եւս Դաշնակցութիւնը կը ծրագրէ ունենալ հանդիպումներ, կազմակերպել մասնագիտական, ոլորտային քննարկումներ տարբեր խումբերու հետ: «Այս մէկ ամիսը կրնաք որակել մեր աշխուժ  քարոզչութեան ժամանակաշրջանը», նշեց Աղուան Վարդանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն կը ծրագրէ՞ հանրահաւաքային ձեւաչափ նախաձեռնութիւն կատարել` Ա. Վարդանեան ըսաւ. «Տակաւին հանրահաւաքներու հարցը չենք քննարկած, հետագային, ըստ անհրաժեշտութեան, կը քննարկենք այդ հարցը»:

 

 

Նախորդը

Քազիմիրով Ազրպէյճանը Կը Մեղադրէ Բանակցային Հոլովոյթը Ձախողեցնելու Մէջ

Յաջորդը

Ուորլիք. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպումը Կը Նախատեսուի Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հանրաքուէէն Ետք` Մինչեւ Տարեվերջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.