Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուորլիք. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպումը Կը Նախատեսուի Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հանրաքուէէն Ետք` Մինչեւ Տարեվերջ»

Հոկտեմբեր 27, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

653eb32656609b184d030405a16fb4b4_w670_h445_sc

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները նպատակ ունին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կազմակերպել մինչեւ տարեվերջ` 6 դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ կայանալիք սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէէն ետք:

«Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուին նախագահներուն հանդիպման օրն ու վայրը: Երկու նախագահներն ալ յանձն առած են խորացնել երկխօսութիւնը եւ հանդիպումի ցանկութիւն արտայայտած են: Մենք կը փափաքինք այս այցելութիւնը օգտագործել` որոշելու հանդիպումին հաւանական օրը եւ սկսելու նախապատրաստական աշխատանքներուն», ըսաւ ամերիկացի դիւանագէտը:

Ուորլիք նշեց, թէ իրենք տեղեակ են, որ 6 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէ, այդ պատճառով ալ նախագահներուն հանդիպումը հաւանաբար տեղի պիտի ունենայ ատկէ ետք` մինչեւ տարեվերջ:

Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները խորապէս մտահոգ են հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին շրջանին մեծ տրամաչափի եւ ծանր զէնքերու օգտագործումէն: Ըստ անոր, եթէ երկու տարի առաջ Երեւան կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին առանցքային խնդիրներէն էր հակամարտող կողմերուն միջեւ ընթացող արձակազէններու փոխադարձ հրացանաձգութիւնը, ապա այսօր կողմերը կ՛օգտագործեն ծանր զէնքեր, ինչ որ կրնայ հասցնել կործանարար հետեւանքներու: «Բացարձակապէս չնուազեցնելով արձակազէններէն եկող վտանգը, որովհետեւ բազմաթիւ մարդիկ զոհ գացած են անոնց կրակոցներէն, պէտք է նշեմ, որ ներկայիս տիրող իրավիճակը շատ աւելի վտանգաւոր է: Մենք պէտք է վերջ տանք այս բոլորին: Անկեղծօրէն` ես պիտի ուզէի կողմերէն աւելի մեծ յանձնառութիւն տեսնել` չօգտագործելու այս զինատեսակները», յայտնած է դիւանագէտը:

Լրագրողի այն հարցումին, թէ Ազրպէյճան արդեօք չէ՞ մերժած հետաքննութիւններու կատարման առաջարկը` Ուորլիք պատասխանած է, որ ատիկա տակաւին չէ ընդունուած Ազրպէյճանի կողմէ: «Անոնք տակաւին չեն ընդունած հետաքննութիւններու կատարման մեքանիզմի ստեղծման առաջարկը, եւ մենք պէտք է շարունակենք բանակցութիւնները, յստակացնելու, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլան այդ մեքանիզմները», ըսած է համանախագահը: Ուորլիք հաստատած է, որ միջնորդները պատրաստակամ են քննարկելու խաղաղ եւ երկարատեւ կարգաւորման հասնելու բոլոր ուղիները եւ խողովակները:

Համանախագահները Պիտի Հանդիպին
Արցախի Ղեկավարութեան Հետ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները 26 հոկտեմբերին պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ` հանդիպելու  երկրի ղեկավարութեան հետ: 27 հոկտեմբերին անոնք պիտի մասնակցին Մարտակերտ-Թարթառ ճամբու հատուածին վրայ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան կողմէ կատարուելիք ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զինուած ուժերու շփման գիծի քննութեան, որուն ընթացքին համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը պիտի անցնին ազրպէյճանական տարածք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կողմէ:

 

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Աշխուժ Քարոզչութիւն Պիտի Տանի»

Յաջորդը

Նալբանդեանն Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

RelatedPosts

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են  Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ  Արշակ Արք. Խաչատրեան  Կալանաւորուեցաւ 2 Ամիսով
Հայկական

Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ Արշակ Արք. Խաչատրեան Կալանաւորուեցաւ 2 Ամիսով

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին.  Գերմանիոյ Վարչապետը Կ՛ողջունէ «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Վերջերս  Արձանագրուած Յառաջընթացը»
Հայկական

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Գերմանիոյ Վարչապետը Կ՛ողջունէ «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Վերջերս Արձանագրուած Յառաջընթացը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?