Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան Նախարարութեան Բարձրաստիճան Աշխատակիցները Ձերբակալուած Են

October 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mahmudov_10-19-15

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանագիրով երկիրի Ազգային անվտանգութեան նախարար Էլտար Մահմուտովի անակնկալ պաշտօնազրկումէն անմիջապէս ետք յիշեալ նախարարութեան մէջ Անվտանգութեան պետական ծառայութեան եւ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ համատեղ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք ձերբակալուած են Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան Հսկողութեան կեդրոնի (հեռաձայններու լսման վարչութիւն) աշխատակիցներ, որոնց կարգին` Նաթաւան Մամետովան եւ զօրավար-գնդապետ Թէյմուր Կուլիեւը, ինչպէս նաեւ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնի պետի տեղակալ Իլկար Ալիեւը: Էլտար Մահմուտով ներկայիս կը գտնուի իր տունը, փաստօրէն տնային կալանքի տակ: Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան հսկողութեան կեդրոնը կնիքով փակուած է, եւ տեղի կ՛ունենայ հետաքննութիւն:

Անդրադառնալով Էլտար Մահմուտովի աշխատանքէն հեռացուելու պատճառին` «մոտերաթոր.ազ» կայքը կը գրէ, որ ատիկա գլխաւորաբար կապուած է այն հարցին, որ ձերբակալուած աշխատակիցները Էլտար Մահմուտովի յանձնարարութեամբ լրտեսած են Ազրպէյճանի նախագահի, անոր ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ իշխանութեան բարձրաստիճան անձերու եւ անոնց ընտանիքներուն հեռաձայնային խօսակցութիւնները, ինչ որ, սովորաբար կը կատարուի երկրին մէջ «յեղաշրջումէն» առաջ:

«Ճիշդ 10 տարի առաջ` 17 հոկտեմբեր 2005-ին, Իլհամ Ալիեւ աշխատանքէն հեռացուց երկու հզօր նախարարներ` Ալի Ինասնովն ու Ֆարհատ Ալիեւը, եւ «պետական յեղաշրջման փորձի» մեղադրանքով կալանքի ենթարկեց զանոնք: Այդ ժամանակ այդ գործողութիւնը գլխաւորած էր Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան ղեկավար Էլտար Մահմուտովը, եւ հետաքրքրական է, որ այդ իրադարձութենէն 10 տարի ետք Ալիեւը նոյն ձեւով կը վարուի Մահմուտովի հետ», կը գրէ կայքը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Մահմուտովի պաշտօնանկութեան հաւանական պատճառներէն կը համարեն նաեւ երկրի միջազգային դրամատան նախկին ղեկավար Ջահանկիր Հաճիեւի հետ փտածութեան կապերը, սեփական ապօրինի առեւտուրները եւ այլն:

«Բոլոր պարագաներուն, Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան երկարամեայ ղեկավարը «հարուածելը» ցոյց կու տայ, որ իշխանութեան մէջ խարդաւանքները ուժեղացած են, եւ ներիշխանական խմբաւորումներու միջեւ պայքարը հասած է գագաթնակէտին», կը գրէ «Ազատլըկ» թերթը:

Ազրպէյճանի իշխանութեան ղեկը 2003-ին ստանձնած Իլհամ Ալիեւ Էլտար Մահմուտովը Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան ղեկավար նշանակած է 23 յուլիս 2004-ին: Ներկայիս Ալիեւի շրջապատին մէջ անոր ազգականներէն են Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Ասատովը եւ Սահմանային զօրքերու հրամանատար, զօր. Էլչին Կուլիեւը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան նոր ղեկավարի ամէնէն հաւանական թեկնածուն կը համարեն Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ռազմական հարցերով բաժինի ղեկավար, Պաքուի ոստիկանութեան նախկին պետ Մահառամ Ալիեւը:

 

 

Նախորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Բաւարարած Է Ազրպէյճանական 2010-ի Ընտրութիւններուն Վերաբերող Խախտումներու Գործը

Յաջորդը

Օպամա Վեթոյի Ենթարկած Է Ուքրանիոյ Զէնքի Մատակարարումներ Արտօնող Օրինագիծը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.