Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կարեւոր Հանդիպումներ Ունեցաւ Աթէնքի Մէջ

October 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

HH-Aram-I-(1)_102715

18-22 հոկտեմբեր 2015-ին, Աթէնք կեցութեան իր կարճ շրջանին, «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» համագումարին առընթեր, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ` ողջունելով սոյն համագումարը կազմակերպելու նախարարութեան նախաձեռնութիւնը:

Վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպումներ ունեցան Հրէական միջազգային կրօնական-մշակութային կազմակերպութեան նախագահը, Իրաքի խորհրդարանի քրիստոնեայ պլոքին նախագահը, Շուէտի խորհրդարանի ասորի երեսփոխաններու ներկայացուցիչը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը եւ Աթէնքի տնտեսագիտութեան համալսարանի նախագահը:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ ներկայ պատրիարքներուն ու հոգեւոր պետերուն եւ Վատիկանի ու զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը, յանուն ժողովին մասնակից պատրիարքներուն ու եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, խօսք առաւ Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին կողմէ տրուած ճաշկերոյթին եւ շեշտեց եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան, սիրոյ ու եղբայրութեան կարեւորութիւնը` դիմագրաւելու ներկայ աշխարհին տագնապները:

Յունաստան-Հայաստան խմբակի նախագահը ի պատիւ վեհափառ հայրապետին ճաշ տուաւ, որուն նաեւ ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ Աթէնքի հայ գաղութի կեանքին մէջ գործող զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնը եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատեց մեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները աշխուժ պահելը, համագործակցութիւնը եւ մանաւանդ երիտասարդ ուժերու ներգրաւումը:

 

Նախորդը

«Միջին Արեւելքի Տագնապները Կարելի Չէ Լուծել Զինուորական Ուժով, Այլ Միայն` Քաղաքական Գործընթացով» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

1915 Թուականին Կին Լինել Պոնտոսում (Ա. Մաս)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.