Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ ՆԱՄԸՔ ՔԵՄԱԼ ԶԷՅՊԵՔԻ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԵՆ ՔԱԿ-Ը

August 25, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նամըք Քեմալ Զէյպեք

«Ակունք» կայքէջը` վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Նամըք Քեմալ Զէյպեք յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները քիւրտեր չեն, իսկ այդ կուսակցութիւնը հայերը կը ղեկավարեն:

«ՔԱԿ-ի ղեկավարներուն մէջ կան ոչ քիւրտ եւ ոչ թուրք շարք մը անձեր, անոնք հայեր են: Մեր գիտցած հայերը ՔԱԿ-ի շարքերուն մէջ զինեալներ են: Քրտական ցեղախումբերը երկար ժամանակ զիջումներ չեն կատարած ՔԱԿ-ին, ցեղախումբերը ՔԱԿ-ի անդամներ չեն: ՔԱԿ-ի գործունէութեամբ զբաղողները առաւելաբար այստեղէն-այնտեղէն եկած են: Խօսքը Ազրպէյճանէն, Իրանէն եւ Ռուսիայէն եկածներու մասին է: Այսինքն` ցեղախումբերուն անդամ չեղողները կը կազմեն ՔԱԿ-ի ուժը», յայտարարած է Զէյպեք:

Ան նաեւ ըսած է, որ իրեն համար տարօրինակ է, որ Թուրքիոյ բնակչութեան քսան առ հարիւրը քիւրտ է, երբ ՔԱԿ-ի կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն մէջ բնակչութեան հինգ առ հարիւրի քուէն ստացած է: «Այն ատեն ՔԱԿ-ը ինչպէ՞ս կրնայ քիւրտերուն ներկայացուցիչը ըլլալ: Կա՛մ այդքան քիւրտ չկայ, կա՛մ ալ ըսուածը իրականութեան չի համապատասխաներ», ըսած է Զէյպեք` աւելցնելով, որ ատիկա ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարց չկայ:

Զէյպեք ընդգծած է, որ քրտական արմատներ ունեցող քաղաքացիներուն առջեւ բաց են բոլոր դռները, իսկ Թուրքիոյ մէջ լուրջ խտրականութիւն կը դրսեւորուի ալեւիներուն նկատմամբ:

«Ալեւի ըլլալու պատճառով ոեւէ մէկը չի կրնար շատ վայրեր մուտք գործել: Ալեւիներուն նկատմամբ շատ լուրջ խտրականութիւն կը կիրարկուի: Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ ալեւի նահանգապետ կայ: Եթէ ըսեմ, որ 81 նահանգապետներէն 25-ը քիւրտ են, ապա ատիկա կարելի պիտի ըլլայ հաստատել: Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի ալեւիական եւ ոչ թէ քրտական հարց», նշած է թրքական կուսակցութեան ղեկավարը:

 

Նախորդը

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 6-ՐԴ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՅԱՑՄԱՆ ԳԾՈՎ ԻՐ ՀԱԿԱՓԱՍՏԱՐԿՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ 80-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։