Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Աշակերտներ Այցելեցին Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարան

October 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Senabian_10-14-15

Վերջերս, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները, իրենց հայոց լեզուի դասատուին` Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանին հետ այցելեցին նորաբաց Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, զանոնք դիմաւորեց գրագէտին կինը`  Աղաւնի Սնապեան: Ան ողջունեց աշակերտները, որոնք խանդավառ էին այս այցելութեամբ եւ եկած էին մօտէն ծանօթանալու այնտեղ ցուցադրուած առարկաներուն եւ Պ. Սնապեանի գրական ստեղծագործութիւններուն: Աշակերտներէն ոմանք այցելած ըլլալով հայրենիքի մէջ տուն-թանգարաններ, Այնճար հայաւանի մէջ նորակառոյց այս տուն-թանգարանը իւրայատուկ սեպեցին ընդհանրապէս իր ներքին կահաւորումով:

Սալբի Թաշճեան աշակերտած ըլլալով գրագէտ Պօղոս Սնապեանին` թանգարանին մէջ իր դասախօսին մասին տուաւ վկայութիւններ` անոր նկարագիրին ու աշխատելաձեւին մասին: Աշակերտները հպարտացան, որ մուսալեռցի-այնճարցի այս գրագէտը եղած է նախ աշակերտ` հայոց լեզուի ուսուցիչ ունենալով Եդուարդ Պոյաճեանը, ապա իր կարգին, կարճ ատենուան համար հայ գրականութեան ուսուցիչ` Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի երկրորդական բաժինին:

Թանգարանին մէջ աշակերտները տեսան Պ. Սնապեանին օգտագործած գրիչները, ակնոցները, լուսամփոփը, համակարգիչը, վիճակացոյցները, շքանշանները, «Բագին»-ի քառասնամեայ հատորներէն ու «Ազդակ» գրականի էջերէն նմուշներ, բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնք շունչ ու մարմին ստացած են մեծանուն գրագէտին տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք: Ուշագրաւ էր Յակոբ Օշականի վերարկուն տեսնել այնտեղ, նաեւ` Արամ Մանուկեանի անձնական իրերէն մէկ քանին:

Աշակերտները քննեցին նաեւ այդտեղ ցուցադրուած Պ. Սնապեանի յիշատակելի լուսանկարները, որոնք տարբեր առիթներու պատկերներ էին` նշանաւոր անձնաւորութիւններու հետ:

Բացատրութիւնները լսելէ ետք, աշակերտները առիթ ունեցան առանձին շրջելու եւ յաւելեալ բացատրութիւններ պահանջելու, ապա դասարան վերադառնալէ ետք անոնք թուղթին յանձնեցին իրենց ապրումներն ու վառ տպաւորութիւնները:

Այս առիթով վարժարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սնապեան ընտանիքին, որ երկրորդականի աշակերտներուն նուիրեց Պ. Սնապեանի «Աղքատներուն աւանդութիւնը» Բ. հատորէն օրինակներ:

Նախորդը

Տեղեկատուական Գործողութիւններ. Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն ( Բ. Մաս )

Յաջորդը

Յարութիւն Յակոբեան. «Արուեստը Թիւ Մէկ Դերը Ունի Միջավայրի Եւ Աշխարհի Փոփոխութեան Մէջ»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.