Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշուեցաւ Հայոց Մայրաքաղաք Երեւանի Հիմնադրութեան 2797-Ամեակը

October 12, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էրեբունի-Երեւան – 2797» տօնակատարութեան 2-րդ օրուան հիմնական ձեռնարկները երէկ սկսան առաւօտեան ժամը 10:00-ին` ջրցան մեքենաներու շքերթով, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը:

Տօնին առիթով յատուկ զարդարուած ջրցաններու առաւօտեան երթը մայրաքաղաքի գլխաւոր ու երկրորդական փողոցներուն մէջ սկսած է ձայնային ազդանշաններով եւ վերածուած շքերթի, որմէ ետք սկսած է «Իմ ջերմ ու բարի քաղաք» կարգախօսով «Էրեբունի-Երեւան-2797»-ի տօնակատարութեան երկրորդ օրը:

«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան ծիրին մէջ երէկ Երեւանի քաղաքապետին կից երիտասարդութեան հարցերու խորհուրդի եւ այլ կամաւորներ խումբերով շրջած են քաղաքին փողոցներուն եւ այգիներուն մէջ եւ լուացած, մաքրած են յուշարձանները, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը:

Աշխատանքներուն արհեստագիտական եւ մարդկային պաշարներով աջակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու Երեւանի փրկարարական վարչութեան տարածքային ստորաբաժանումները եւ հրշէջ փրկարարական ջոկատներու անձնակազմերը:

Նախաձեռնութեան ընթացքին լուացուած են Գայի, Հայկ Նահապետի, Վարդան Մամիկոնեանի, Ալեքսանդր Թամանեանի, Ալեքսանդր Մեասնիկեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Պարոյր Սեւակի, Ալեքսանդր Գրիբոյեդովի, Խաչատուր Աբովեանի, Եղիշէ Չարենցի, Գարեգին Նժդեհի, Անդրանիկ Օզանեանի, Գէորգ Չաուշի, Արամ Խաչատրեանի, Սասունցի Դաւիթի եւ այլ յուշարձաններ:

Երեւանի Քաղաքապետ
Տարօն Մարգարեանի Ուղերձը

Լուսանկարը՝ Գարբիէլ Փանոսեանի
Լուսանկարը՝ Գարբիէլ Փանոսեանի

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ուղերձ յղած է Երեւանի օրուան առիթով` շնորհաւորելով բոլոր երեւանցիները եւ, ընդհանրապէս, համայն աշխարհի հայութիւնը` մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2797-րդ տարեդարձին առիթով:

«Այսօր մենք ուրախութեամբ կրնանք փաստել, որ հազարամեակներու  պատմութիւն ունեցող մեր հնամենի մայրաքաղաքը աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ կայուն զարգացման ուղիով ընթացող ժամանակակից քաղաք, որ իւրաքանչիւր տարի յառաջընթաց կ՛արձանագրէ  տնտեսութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ», ըսուած է քաղաքապետին  ուղերձին մէջ:

«Մայրաքաղաքի կեանքին մէջ օրըստօրէ տեղի ունեցող փոփոխութիւններն ու զարգացումները ակնյայտ են: Անոնք նոր մտայղացումներ են եւ մասնագիտական մտքի նոր թռիչքներ, որոնք կը յստականան իբրեւ իրականացուած ծրագիր կամ ձեռնարկ: Անոնցմէ շատերը երեւանցիին համար կը դառնան հոգեհարազատ, ապա եւ` աւանդական ու ամէնամեայ», նշած է Տարօն Մարգարեան եւ աւելցուցած. «Կրկին շնորհաւորենք մէկզմէկու, մէկս միւսին փոխանցենք մեր սէրն ու ջերմութիւնը եւ իւրաքանչիւրս ըսենք` շնորհաւո՛ր տօնդ, իմ ջերմ ու բարի քաղաք»:

 

 

Նախորդը

«25 Տարի Շարունակ Երկրին Իշխած Քաղաքական Խաւը Պատասխանատու Է Լիբանանի Պարզած Այսօրուան Իրավիճակին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Տեղի Պիտի Ունենայ Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնական Այցելութիւնը Հայաստան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.