Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկիզբ Առաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական 71-րդ Ժողովը

October 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hom-1_10-05-15

4-էն 9 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հայ օգնութեան միութեան 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին միութեան 25 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ դէտեր:

Ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 4 հոկտեմբերին` «Տապըլ Թրի պայ Հիլթըն» պանդոկին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Ժենիկ Պարսամեան:

Հայաստանի Հանրապետութիւն սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հայ օգնութեան միութեան համահայկական 71-րդ պատգամաւորական ժողովի մասնակիցները: Ուրախալի է, որ կառոյցի անդրանիկ պատգամաւորական ժողովէն 100 տարի ետք` խորհրդանշական այս տարուան ընթացքին կը համախմբուիք Մայր հայրենիքի մէջ` գնահատելու վերջին 4 տարիներու  կառոյցի Կեդրոնական վարչութեան բեղմնաւոր աշխատանքը եւ նախանշելու հետագայ կատարուելիք աշխատանքները»:

Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելուն եւ Հայ օգնութեան միութեան մէջ երկարամեայ ազգանուէր գործունէութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը պարգեւատրեց նախարարութեան պատուոյ գիրով:

Կարեւոր նկատելով Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացումը` հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան մէջ մշակութային, կրթական, ընկերային, առողջապահական եւ քարոզչական ծրագիրներու իրականացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր:

Հանդիսութեան ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր «Արարատ» մրցանակը շնորհեց Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուսին` Արցախի հերոսամարտի տարիներուն իր մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանը յուզող հարցերու բարձրացման, Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջները եւրոպական ատեաններուն մէջ ներկայացնելուն եւ պաշտպանելուն համար:

 

 

Նախորդը

Իրանէն Հայաստան Ներմուծուող Կազի Ծաւալները Պիտի Աւելնան

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Սահմանադրական Բարեփոխումներու Նախագիծը Հանրաքուէի Դնելու Մասին Որոշում Տուաւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.